Զօր. Աուն. «Քարիւղի Յատուկ Նիստ Մը Թող Գումարուի, Որպէսզի Բացայայտուին Աշխատանքը Արգելակող Կողմերը»
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ նախագահեց համախմբումին ընթացիկ նիստին, որմէ ետք իր կատարած յայտարարութիւններուն մէջ ան շեշտեց, թէ լիբանանեան քարիւղի թղթածրարին հարցը վերածուած է հեքիաթի:
Զօր. Աուն ըսաւ, որ քարիւղի հարցը բացայայտուած թղթածրարի մը վերածուած է` աւելցնելով, որ կարելի չէ այս թղթածրարին հանդէպ լուռ մնալ: «Արդեօք ոմանք կը վախնան, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը ապահովէ՞ Լիբանանի բարգաւաճումը», հարց տուաւ զօր. Աուն:
Ան ըսաւ, որ կառավարութիւնը քարիւղի յատուկ նիստ մը թող գումարէ, որպէսզի քարիւղի մարզի տնօրինման աշխատանքը խոչընդոտող կողմերը բացայայտուին:
CATEGORIES Լիբանանեան

