Միւֆթի Շաար Վերադարձաւ Լիբանան
Ապահովական պատճառներով եօթը ամսուան բացակայութենէ ետք, երէկ երեկոյեան Թրիփոլիի եւ Հիւսիսային Լիբանանի միւֆթի շէյխ Մալէք Շաար վերադարձաւ Լիբանան:
Շէյխ Շաար Պէյրութի միջազգային օդակայանէն կատարած իր յայտարարութեան մէջ հաստատեց, որ Լիբանան բոլորին կարիքը ունի եւ ոչ ոք պէտք է երկրէն բացակայի, բացի երբ լուրջ պայմաններ գոյութիւն ունին:
Միւֆթի Շաար մաղթեց սիւննի-շիի եւ իսլամ-քրիստոնեայ եզրերը չգործածել, որովհետեւ բոլորս լիբանանցիներ ենք:
Տեղեկատուութեան նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Տաուք, որ միւֆթի Շաարը դիմաւորելու նպատակով ուղղուած էր օդակայան, շեշտեց, որ միւֆթի Շաար բանակէն եւ պատասխանատուներէն, յատկապէս հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանէն եւ հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիէն երաշխիքներ ստացած է` իր ապահովութեան վերաբերեալ:
CATEGORIES Լիբանանեան

