Միքաթի. «Մեզի Համար Լիբանանը Առաջնահերթութիւն Է»

Հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Թաուհիտ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող հարցեր:

Հանդիպումէն ետք Ուահապ շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ կառավարութեան կազմութիւնը անկարելի կը թուի ըլլալ` աւելցնելով, որ այդ իրականութենէն միակ տուժողը Լիբանանն է:

Միքաթիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլին, որ Միքաթիի հետ քննարկեց Քի Մունի հետ անոր ունեցած հանդիպումին արդիւնքները:

Նշենք, որ լիբանանեան-պաղեստինեան երկխօսութեան խորհուրդին կողմէ վարչապետարանին մէջ աշխատանքային նոր ծրագիրի մը յայտարարութեան պաշտօնական ձեռնարկի մը ընթացքին, Միքաթի շեշտեց, որ հարկ է պաղեստինցիներուն հետ քննարկել անոնց տունդարձի իրաւունքը` աւելցնելով, որ պաղեստինեան դատին հետապնդումը պէտք է շարունակուի եւ Միջազգային ընտանիքը գործադրէ անոնց տունդարձի իրաւունքը:

Միքաթի շեշտեց, որ պաղեստինցի գաղթականներուն հիւրընկալութիւնը կ՛ենթադրէ, որ անոնք յարգեն իշխանութիւնները եւ իրենց գաղթակայանները չվերածեն դատական իշխանութիւններուն ու ապահովական կառոյցներուն կողմէ պահանջուած յանցագործներուն թաքստոցին:

Միքաթի անդրադարձաւ նաեւ Լիբանան հասնող սուրիացի գաղթականներուն հոսքին` շեշտելով, որ առանց միջազգային ընտանիքին օժանդակութեան Լիբանան չի կրնար հոգալ անոնց կարիքները:

Այս ծիրին մէջ Միքաթի ըսաւ. «Մենք վերատեսութեան պիտի ենթարկենք պարագան Լիբանանի մէջ գտնուող իւրաքանչիւր սուրիացի գաղթականի, որ գաղթականի յատկութիւններ չունի, որովհետեւ մեզի համար մեր երկիրը առաջնահերթութիւն է»:

Միքաթի շեշտեց, որ Լիբանան ունի միայն մէկ թշնամի, որ Իսրայէլն է եւ կոչ ուղղեց բոլորին` Լիբանանի գերագոյն շահերը ապահովելու` վերադառնալով ազգային երկխօսութեան եւ վերականգնելով իրարու նկատմամբ փոխադարձ վստահութիւնը:

Ան իր խօսքը եզրափակեց շեշտելով կառավարութեան կազմութեան անհրաժեշտութիւնը:

Միւս կողմէ, Միքաթի երէկ հրապարակեց շրջաբերական մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Ատհայի տօնին առիթով պետական հաստատութիւններն ու քաղաքապետարանները փակ պիտի ըլլայ նաեւ հինգշաբթի, 17 հոկտեմբերին` նկատի ունենալով, որ շիիներու Գերագոյն խորհուրդը Ատհայի առաջին օր յայտարարած է չորեքշաբթի, 16 հոկտեմբերը:

 

Share this Article
CATEGORIES