Նախագահ Սլէյման Դատապարտեց Հիւանդատար Մը Հրթիռարձակումի Թիրախ Դարձնելու Սուրիոյ Արարքը
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ խստիւ դատապարտեց հիւանդատար մը հրթիռարձակումի թիրախ դարձնելու Սուրիոյ արարքը, որ արձանագրուած էր Ուատի Հըմայտի մէջ:
Նախագահ Սլէյման կոչ ուղղեց մարդասիրական հաստատութիւնները` զանց առնելու պատերազմական արարքները:
Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման ընդունեց արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ատնան Մանսուրը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ զինուորական ատեանին մէջ կառավարութեան ներկայացուցիչ, դատախազ Սաքըր Սաքըր: Քննարկուեցան ապահովական կարգ մը թղթածրարներ:
Նախագահական պալատ այցելուներէն եղաւ նաեւ Մարոնիներու լիկայի գործադիր խորհուրդի մէկ պատուիրակութիւնը, որ նախագահէն խնդրեց հովանաւորել լիկային կազմակերպած վարչական ապակեդրոնացումին վերաբերող խորհրդաժողովը:
CATEGORIES Լիբանանեան

