Պըրրի Լարիճանիի Հետ Կը Քննարկէ Շրջանային Եւ Միջազգային Զարգացումները
Ժընեւի մէջ խորհրդարանական միջազգային համադաշնակցութեան 129-րդ ընդհանուր ժողովին աշխատանքներուն մասնակցելու շրջագիծին մէջ, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Իրանի խորհրդարանի նախագահ Ալի Լարիճանիի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան շրջանային եւ միջազգային զարգացումները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Պըրրի շեշտը դրաւ իրանեան-սէուտական մերձեցումին անհրաժեշտութեան եւ շրջանին մէջ տիրող կացութեան վրայ անոր ունենալիք ազդեցութեան վրայ, որովհետեւ անիկա ո՛չ միայն կը նպաստէ սուրիական տագնապին լուծման, այլեւ` Լիբանանի եւ Իրաքի մէջ տիրող տագնապներուն լուծումին:
Պըրրի ընդգծեց, որ Սուրիոյ տագնապին լուծումը քաղաքական պիտի ըլլայ` անդրադառնալով շրջանային տագնապին ամբողջական լուծում մը գտնելու կարեւորութեան:
Իր կարգին, Լարիճանի յայտնեց, որ Պըրրիի հետ հանդիպումին ընթացքին քննարկած են Լիբանան հասնող սուրիացի գաղթականներուն վերաբերող շարք մը հարցեր:
Լարիճանի նշեց, որ, հակառակ իր փոքր տարածութեան, Լիբանան հսկայ ուժ մը կը նկատուի` իր Դիմադրութեամբ եւ ժողովուրդով:
«Այս դիտանկիւնէն մեկնելով, մենք ամբողջական յանձնառութիւն կը ցուցաբերենք Լիբանանի նկատմամբ` նկատի ունենալով անոր շուրջ տիրող իրադարձութիւնները: Մենք մնայուն կերպով կը զօրակցինք լիբանանցի մեր եղբայրներուն եւ ամէն ջանք ի գործ պիտի դնենք սուրիացի գաղթականներուն հարցով Լիբանանին օժանդակելու», ըսաւ Լարիճանի:
Ան մաղթեց, որ Սուրիոյ տագնապին համար արմատական լուծում մը կարելի ըլլայ գոյացնել, պայմանաւ որ այդ լուծումը ըլլայ քաղաքական:
Լարիճանի շեշտեց, որ ամբողջ աշխարհը հասած է այն համոզումին, թէ Սուրիոյ տագնապին լուծումը պէտք է ըլլայ քաղաքական ու խաղաղ եւ ոչ զինուորական:

