Ինտոնեզիոյ Ծովամոյն Դարձած Նաւէն Փրկուած 16 Լիբանանցիներ Ժամանեցին Պէյրութ

Երէկ երեկոյեան Պէյրութ ժամանեցին Ինտոնեզիոյ ծովամոյն դարձած նաւէն փրկուած 16 լիբանանցիները, ընկերակցութեամբ լիբանանեան պաշտօնական պատուիրակութեան, զոր կը գլխաւորէր պետական նախարարի պաշտօնակատար Ահմետ Քարամէ:

Լիբանան ժամանող պաշտօնական պատուիրակութիւնը եւ փրկուած քաղաքացիները դիմաւորուեցան Ամալ շարժումի մէկ պատուիրակութեան կողմէ, զոր կը գլխաւորէր խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Ալի Պեզզի:

Պեզզի շեշտեց, որ երկիրը յուզող այս դժուար պայմաններուն ընթացքին հարկ է իրարու հանդէպ ազգային զօրակցական կեցուածք ցուցաբերել:

Իր կարգին, Ահմետ Քարամէ ողջունեց Լիբանանը` Ինտոնեզիայէն անոր զաւակներուն վերադարձին առիթով, ինչպէս նաեւ մաղթեց, որ Լիբանանի մէջ բոլոր տարակարծութիւնները վերջ գտնեն:

Քարամէ յայտնեց, որ լիբանանցի զոհերուն դիակները 21 հոկտեմբերէն առաջ կարելի չէ Լիբանան փոխադրել:

Share this Article
CATEGORIES