«Հարսնաքար»-ի Հարցով Ամբաստանեալ Նորայր Հայրապետեան Խոստովանեցաւ
Երեւանի Աւան եւ Նոր Նորք վարչական շրջաններու ընդհանուր իրաւասութեան դատարանին մէջ 8 հոկտեմբերին վերսկսաւ «Հարսնաքար»-ի գործով դատական նիստը, որուն ընթացքին, ինչպէս նախօրօք յայտարարուած էր, խօսքը տրուած էր տուժող կողմին: Ճառով հանդէս պիտի գար տուժողին ներկայացուցիչը` Աւետեաններու փաստաբան Տիգրան Եգորեանը:
Սակայն նիստը բոլորովին այլ ընթացք ստացաւ, երբ ամբաստանեալ Նորայր Հայրապետեանը անակնկալ կերպով ըսաւ, թէ կ՛ուզէ լրացուցիչ ցուցմունք տալ: «Կը խնդրեմ կարելիութիւն տուէք, ես կ՛ուզեմ ճիշդը բացայայտել», նշեց ան:
Նորայր Հայրապետեանի պաշտպան Երեմ Սարգսեանը դատարանին մէջ յայտնեց, որ ամբաստանեալին այս դիրքորոշումը իրեն համար եւս անակնկալ էր, ուստի խնդրեց քիչ մը ժամանակ տալ իրեն: Դատական նիստը ընդմիջուեցաւ, ապա ամբաստանեալ Նորայր Հայրապետեան յայտարարեց, որ Վահէ Աւետեանին հարուածողը ինքն էր: «Հարուածեցի, յետոյ շուռ եկայ, որ տեսնեմ` ինչ է կատարւում, Վահէ Աւետեանի կողքից խփողն էլ ես եմ եղել», հաստատեց ան:
Ամբաստանեալը յայտարարեց, որ կռիւ ծագած էր իր եւ Վահէ Աւետեանի միջեւ: Ըստ Հայրապետեանի, Վահէն վերջաւորութեան գետին ինկաւ, սակայն տակաւին կը տեսնէր ու կը լսէր:
Այսպիսով ամբաստանեալ Ն. Հայրապետեանը պատասխանատուութիւնը ստանձնեց:

