Նալբանդեան Հանդիպում Ունեցած Է Քեթրին Էշթընի Հետ

Հոկտեմբեր 8-ին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան Պրիւքսէլի մէջ հանդիպում ունեցած է  Եւրոպական Միութեան Արտաքին քաղաքականութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ Քեթրին Էշթընի հետ:

Եւրոպական Միութեան բարձր ներկայացուցիչը նշած է, որ այս հանդիպումը լաւ առիթ է միտքեր փոխանակելու` Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման նպատակով ձեռնարկուելիք միացեալ քայլերուն վերաբերող:

Նախարար Նալբանդեան ընդգծած է, որ Հայաստան կը փափաքի կարելի բոլոր ձեւերով յառաջ տանիլ համագործակցութիւնը Եւրոպական Միութեան հետ` հիմնուելով այն միացեալ ձեռքբերումներուն եւ յառաջընթացին վրայ, որոնք վերջին տարիներուն արձանագրուած են Հայաստան- Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններուն մէջ:

Էդուարդ Նալբանդեան ընդգծած է, որ Եւրոպական Միութեան հետ իր յարաբերութիւնները կառուցելու ընթացքին, նաեւ Արեւելեան գործընկերութեան նախաձեռնութեան ծիրին մէջ, Հայաստան կը ձգտի ունենալու սերտ, խոր եւ ընդլայնուած համագործակցութիւն` նկատի ունենալով, միաժամանակ, Հայաստանի շահերէն բխող մասնակցութիւնը այլ համարկումի գործընթացներուն:

«Հայաստան, Եւրոպական միութեան աջակցութեամբ, անցած է բարեփոխումներու կարեւոր ճամբայէ մը: Մենք հաստատակամ ենք շարունակելու բարեփոխումներու հոլովոյթը` ուղղուած ժողովրդավարութեան, մարդկային իրաւունքներու եւ օրէնքի գերակայութեան ամրապնդման, արդիւնաւէտ կառավարման, դատական-իրաւական համակարգի կատարելագործման, փտածութեան դէմ պայքարին: Այս հոլովոյթին մէջ մենք կ՛ակնկալենք Եւրոպական Միութեան մնայուն աջակցութիւնը», շեշտած է նախարար Նալբանդեան:

Ան կարեւոր նկատած է ԵՄ-Հայաստան համագործակցութիւնը շարժունակութեան բնագաւառին մէջ` ընդգծելով, որ արդէն երկու տարիէ ի վեր Եւրոպական Միութեան հետ ստորագրուած է «Շարժունակութեան շուրջ գործընկերութիւն» հռչակագիրը,  իսկ նախորդ դեկտեմբերին` մուտքի արտօնագրային դրութեան դիւրացման վերաբերող համաձայնագիրը:

Էդուարդ Նալբանդեանի համաձայն, լուրջ ներուժ կայ ոլորտային համագործակցութեան բնագաւառին մէջ, որ կը ներառէ տասնեակ ուղղութիւններ: Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը նշած է, որ նախորդ դեկտեմբերին ստորագրուած Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ Շրջանակային համաձայնագիրի արձանագրութեամբ Հայաստանին կարելիութիւն կը տրուի մասնակցելու ԵՄ-ի տարբեր ծրագիրներուն:

Քեթրին Էշթըն նշած է, որ Եւրոպական Միութիւնը կ՛ուզէ շարունակել համակողմանի փոխգործակցութեան զարգացումը Հայաստանի հետ` բոլոր ուղղութիւններով, որոնք համատեղելի կրնան ըլլալ Մաքսային Միութեան անդամակցելու Հայաստանի որոշման հետ:

Հանդիպումին ընթացքին անդրադարձ կատարուած է Արեւելեան գործընկերութեան Վիլնիւսի գագաթաժողովի նախապատրաստական աշխատանքներուն:

 

 

Share this Article
CATEGORIES