«Արձագանգ-2013» Զօրավարժութիւններով Հայաստան Կը Փաստէ, Որ Պատրաստ Է Արձագանգելու Բոլոր Մարտահրաւէրներուն
Արմաւիրի «Բաղրամեան» զօրավարժարանին մէջ տեղի ունեցող «Արձագանգ-2013» ռազմավարական մարզումներով Հայաստան կը բարձրացնէ պետական եւ ռազմական կառավարման մարմիններու աշխատանքի ներդաշնակութեան մակարդակը` ռազմաքաղաքական իրավիճակի սրման պարագային:
«Պետութեան բարձրագոյն պաշտօնատար անձանց աշխատանքը ռազմաքաղաքական որոշումների կայացման ժամանակ» նիւթով մարզումներուն ներկայ եղան Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեանը, պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանը, պետական կառավարման համակարգի եւ զինուած ուժերու բոլոր բարձրաստիճան պաշտօնեաները: Հայաստանի կառավարութեան անդամները` վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի գլխաւորութեամբ, անցան «Հոգեբանական յաղթահարման արգելագօտի» կոչուող տարածքով, ուր ստեղծուած է պատերազմական պայմաններուն բնորոշ իրավիճակ: Այնուհետեւ կառավարութեան անդամները հետեւեցան հետախոյզներուն, յատուկ ջոկատայիններու ցուցադրական վարժանքներուն, որոնք փաստեցին Հայաստանի զինուած ուժերու մարտական պատրաստուածութեան բարձր մակարդակը: Կառավարութեան բոլոր անդամները տարբեր զինատեսակներով կարելիութիւն ունեցան ստուգելու իրենց կրակային պատրաստակամութեան աստիճանը, ծանօթացան վարժանքներուն ներկայացուած զինուորական սարքերուն եւ սպառազինութեան:
Կառավարութեան ներկայացուցիչները հետեւեցան զօրավարժութիւններուն ընթացքին:
Հոկտեմբեր 8-ին տեղի ունեցած կառավարութեան արտակարգ նիստին կառավարութեան անդամներ այս ռազմավարժութիւններուն վերաբերող առաջարկներ ներկայացուցին վարչապետին` հաւանական սպառնալիքներու չէզոքացման ու հանրապետութեան պաշտպանութեան նախապատրաստութեամբ ուղղուած քայլերուն վերաբերեալ:
Վարչապետը ներկայացուցած է կառավարութեան որոշման նախագիծերը, որոնք կը բխին Հայաստանի նախագահին հրամանագիրներէն ու կարգադրութիւններէն:

