ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ` ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ՕՐՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ. ՄԵՆԱԿԵԱՑ ԴԱՐԲԻՆԸ

«Պարտուած է այն ժողովուրդը,
որ շուտ է յոգնում»:                                       

                                                                                                                ԳԱՐԵԳԻՆ ՆԺԴԵՀ

Փաղաքշանքի եւ հրճուանքով լեցուն արտայայտութիւններ անպակաս են յաճախ` տօնական նման պատեհութիւններու ընթացքին:

Դասականացած մօտեցումներու եւ ըմբռնումներու հեղեղ մը մեզ կը շրջապատէ ամէնուրեք:

Պարտուողական երեւոյթներու շքահանդէսներ կը սարքուին ամէն քայլափոխի:

Քմայքոտ վերաբերումներու տեսականի կը տողանցէ հայ դպրութեան դարպասին մէջ:

Ինքնութեամբ հրաբորբ կազմաւորումներ կը նուազին օրըստօրէ:

Հայ գիրի պաշտամունքին հաւատացող փաղանգներու կարօտը կ՛ապրինք հաւաքաբար:

Հայ մշակոյթի վեհափառ եւ անկրկնելի գանձերուն սպասարկու անհատներու կորովը սկսած է տեղի տալ: 

Հայերէն լեզուի պահպանումին եւ տարածումին մասին կ՛արձանագրուին լոկ խօսքերու տարափ:

Հայաշունչ ապրումներու, պատուաբեր իրագործումներու եւ հայավայել   զգացողութեան աշտանակը` շիջումի տխրութեամբ կը պատկերէ իր գոյութիւնը:

Աւելի՛ն. տեսլահար եւ ճառագայթող դաստիարակ-ուսուցիչի կերպարի բնորոշ յատկութիւնն անգամ տակաւ կ՛այլասերի, մերօրեայ կեանքի յորձանուտերու եւ կեցուածքներու շռայլութեան տակ:

Անդին, բոցավառ եւ ուժականութեամբ յորդ առաքեալին` հայ ուսուցիչին, անոր գոյութենական թէ իրաւախոհական հայեցակարգին մասին միա՛յն լոզունգախառն արտաբերումներ կը կատարուին, դժբախտաբար, վայրկեանի մը ծարաւը յագեցնելու զիլ տրամաբանութեամբ:  

Իսկ այս բոլորի ընդգծումը` պարզապէս ըսելու, թէ հայ ուսուցիչի կամ դաստիարակի դարաւոր էութեան խախտումին եւ խեղումին ականատես կ՛ըլլանք ազգովին, սփիւռքի թէ վերանկախ հայրենիքի երկնակամարին տակ:

Իրօք, Մեսրոպ Մաշտոցի ու անոր օշականաբոյր գերեզմանին դիմաց ծնրադիր ինչպիսի՛ աղօթք պէտք է մրմնջալ` ի տես այսօրուան այլանդակ իրավիճակներու եւ տխեղծ վարքագծերու, երբ, սփիւռքի դաժան ու հոգեմաշ առօրեային եւ հայրենի համապատասխան կառոյցներու գաւիթին մէջ` կարմրաշռայլ կը թեքերին այնպիսի անձնաւորութիւններ, տխրահռչակ կրթական պատասխանատուներ, որոնց համար մայրենի լեզուամտածողութիւնն անգամ կասկածանքի առարկայ է, առանց մոռացութեան մատնելու այն տժգոյն վարկածները` օտար լեզուներու հանդէպ ստեղծուած անտեղի օտարամոլութեամբ:

Արդարեւ, դարերու խորերէն եւ իմաստութեամբ սպառազինուած քի՜չ խօսքի մասունքներ մեզի են հասած, ուր, անվերապահօրէն եւ առանց վարանումի կը շեշտադրուին հայ ուսուցիչի անփոխարինելի կերպարը:

Հայ ժողովուրդի ոսկեդարը` 5-րդ դարու մեծասքանչ իրագործումը, կարելի՞ էր մարդկութեան սեփականութիւնը դարձնել առանց տիպար ուսուցիչի նուիրաբերումին, հաւատքին, շրջահայեաց, արիասիրտ եւ ժուժկալ կեցուածքին:

Անհայրենիք ըլլալու իրողութեան դիմաց հայ գիրն ու մշակոյթը որո՛ւ համար դարձան վահան ու պաշտպանական համակարգ, կորուսեալ պետականութեան եւ հողի պաշտամունքը սերունդէ սերունդ փոխանցելու գիտակցութեամբ, եթէ ոչ` այն մենակեացներուն, որոնց հմտութիւնը, հայերէնապաշտութիւնն ու ոսկեղնիկին հանդէպ տածած սէրն ու հաւատամքը, զիրենք մղեցին լուսաւորելու գորշ մատեաններն անգամ:

Այսօ՛րը, իսկ ամէնէն էականը վաղուան համար կենսագործելի արարքներու հրայրքը ապրելու տեսակէտէ, դարաւոր եւ հազարամեակներու խորքէն հնչող ինքնագիտակցութեան թելադրանքն է, որ կը յուշէ մէկ ու միա՛կ ճշմարտութեան ցոլքը, ՀԱՅ ՈՒՍՈՒՑԻՉ կերպարի ամբողջական հասկացողութեան ընկալումին անհրաժեշտութեամբ, հեռու մեծախօսիկ դրսեւորումներէ:

Որովհետեւ, եթէ երբեք հայ վարժարանի առաքելութեան եւ հոգեփոխիչ դերկատարութեան կը հաւատանք կամ կը փափաքինք տեսնել իբրեւ այդպիսին, հարկ է, որ նոյնինքն հայ վարժարանի դարպասին սպասարկու անհատներու հմայքն ու հեղինակութիւնը բարձրացնել, գուրգուրանքի եւ քաջալերանքի առընթեր` նիւթական ու բարոյական ապահովութիւն ներշնչել, եւ ինքնաբիւրեղացման ճանապարհին` լծուիլ բարոյահոգեբանական արշաւներու առաւել խթանումին:

Փաստօրէն, արդի ժամանակներու հոլովոյթին մէջ մենք կը հանդիպինք հայ տիտղոսակիր ուսուցիչներու, որոնց ներկայութիւնը հաւանաբար ուրախացնէ շրջապատ մը ինքնին, սակայն, ինչո՛վ բացատրել անոնց անարդիւնաւէտ աշխատանքային իրականութիւնը:

Ի դէպ, երախտարժան աշխատանքի փայլքը կը սնուցեն այն մասնագէտ ուսուցիչները, իրենց ասպարէզային հմտութեամբ` բանասիրական, գրական թէ  պատմագիտութեան ոլորտներուն մէջ, որոնց համար հայագիտական ուսուցման ոլորտը` գիտական հայեցողութիւններու հարթակ է կատարելապէս:

Այստեղ, զանց առնել հայ ուսուցիչի բարեմասնութիւններու նշումը չի նշանակեր անպայման անտեսել անցեալի եւ կամ ցարդ ապրող հայերէն լեզուի դասատուներու շնորհակալ աշխատանքը, այլապէս ալ կարելի չէ ուրանալ անոնց հոգեշահ ծառայութիւնները:

Ճիշդ է, որ հայ ժողովուրդի լինելութեան գուպարին մէջ հայրենիքի կերտումին, հզօրացումին եւ ազատասիրութեան զգացողութեան ատրուշանի բոցավառումին միակ զինուորագրեալը է՛ ու կը մնայ իբրեւ այդպիսին` հայ ուսուցիչը, որ,  իրօք, իր դաստիարակի առաքինի յատկութիւններու առընթեր, առաւել եւս  անոր մօտ պարագծելին կը մնայ հայ աշակերտի հայեցի դաստիարակութիւնը ի գին մեծ զոհողութիւններու, զինք մղելով հայերէնի կատարեալ իմացութեան` յատկապէս ընթերցասիրութեան ճամբով:

Հաւանաբար, այսօրուան ամէնէն ճակատագրորոշ իրականութեան հզօր, ամուր եւ վաւերական զրահն ու պաշտպանական համակարգի հիմքը ընթերցանութիւնն է, այո՛, մղումն ու քաջալերանքը:

Եւ այդ` ամէնէն փոքր տարիքին, մանկապարտէզի ճռուողիւն դասապահերէն մինչեւ խանդաղատանքով լեցուն պարապոյ ժամերուն: 

Արդ, որպէսզի ազգովին պարտուելու դառն բաժակի առկայութիւնը հեռացնենք:

Այո՛,  հարկադրուած ենք հաւաքաբար, ընթերցասիրութեան ջահով վարակել համակ շրջապատը

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES
TAGS