ՊԱՐՈՆԸ … ՅԱՒԻՏԵՆԱԿԱՆ ՈՒՍՈՒՑԻՉԸ (ՁՕՆ` ՊՕՂՈՍ ՍՆԱՊԵԱՆԻՆ)

Պողոս Սնապեան

Մէկ շունչով կարդացի նոր հրատարակած գիրքդ, Պարո’ն: Գիշեր մը ամբողջ արթուն պահեց զիս: Տառ առ տառ կը բաբախէիր հոն: Տարբեր տարիներու ուսանողներուդ քու մասիդ գրածները  ուսուցիչը վերակենդանացուցին անգամ մը եւս, եւ ես` իբրեւ անցեալ տարիներու մէկ ուսանողուհիդ, յիշեցի շա՜տ բան` կապուած քեզի, քու հմայքիդ, ուսուցման ոճիդ ու մանաւա՛նդ ներքին կրակիդ:

Հայոց լեզուի եւ գրականութեան նկատմամբ սէրդ էր այդ կրակը, այդ բորբոքուն կիրքը, որ օր առ օր փոխանցեցիր մեզի` ուսանողական նստարաններէն մինչեւ «Բագին»ի խմբագրատուն, այլեւ մինչեւ օրս, երբ տակաւին գրեթէ օրական դրութեամբ քեզ կը տեսնենք հակած թուղթերու, գիրքերու եւ ամսագիրներու անվերջանալի դէզերու վրայ, այս անգամ` «Ազդակ»ի յարկին տակ, «Ազդակ»ի ամէնամսեայ գրական-յաւելուածի պատրաստութեանդ, թէ քու անհատական գիրքերուդ խմբագրման աշխատանքին լծուած:   

Եւ ուրախ եմ անչափ, որ տակաւին կա՛ս դուն, կա՛ս իբրեւ ուսուցիչ առաջին հերթին, պատրաստ` ամէն հարցումի, մանրամասն փնտռտուքի, գրականութեան պատմութիւնը յուզող ամէն խնդրի, որովհետեւ ուսուցիչ ես դուն է՜ն գլխէն, Պարո՛ն, ուսուցիչ` յանուն հայոց լեզուի ու գիր-դպրութեան, յանուն նոր ուժերու ստեղծման, յանուն նոր խորհուրդներու բացայայտման, յանուն նոր գիւտերու, նոր երեւումներու, նոր աշխարհներու յայտնաբերման:

Այդպէս նաեւ յայտնաբերեցիր մեզ, Պարո՛ն, յայնաբերեցիր մեր ներքին աշխարհներու մէջ թաքնուած խմորները ու շաղեցիր անընդհատ, շաղեցիր` յոյսո՛վ, անկոտրում  հաւատքէդ սերմեր ցանելով նաեւ մեր տակաւին անձեւ քաոսներուն մէջ, մեր հոգիներուն մէջ բռնկեցնելով գրականութեան նկատմամբ խանդաղատանք ու սէր, արարման հուր, երկնելու տենդ, գրող ըլլալու փառասիրութի՜ւն…

Խոստովանիմ, որ 1986 թուականը եղաւ կեանքիս ամէնէն կարեւոր դարձակէտը, Պարո’ն, երբ վախուորած ու անինքնավստահ մուտք գործեցի Համազգայինի Հայագիտական հիմնարկը (այդ օրերուն` Պուրճ Համուտ, ներկայի` «Շաղզոյեան» շէնք): Բայց եկայ հաւատքով, եկայ, որովհետեւ ներսս ինչ որ բաներ կային, բաներ, որոնք սակայն անգոյն էին, անհեռանկար, անստոյգ այնքան, մինչեւ որ, տարի մը ետք, քեզ ունեցանք իբրեւ հայոց գրականութեան ուսուցիչ, իսկ երբ հասայ աւարտական դասարան, կարծես թէ  խորհրդաւոր մատ մը ճակատս օծեց հայ գրականութեան ծառայելու անյեղլի կնիքով:

Եւ այսպէս, Հայագիտական հիմնարկին մէջ քեզ աշակերտելու առաջին իսկ օրէն մեծ պատասխանատուութիւն մը դրիր ուսերուս, Պարո՛ն: Որովհետեւ, ինչպէս ինձմէ առաջ ու ինձմէ ետք քու հասցուցած մարդուժդ , այդպէս ալ զիս ու իմ դասընկերներս լուրջի առիր դուն, լուրջի առիր մեզ առանձին-առանձին, իւրաքանչիւրս` իբրեւ ուրոյն անհատականութիւն, ու մեր տմոյն ներաշխարհները, մեր երկչոտ կիրքերը, նոյնիսկ մեր անձնական կեանքի դժուարութիւնները քեզ հետաքրքրեցին այնքան, որ յաճախ եղար մեր խոստովանահայրը,  երբ մեր առաջին փորձերը յանձնեցինք թուղթին ու քաջութեամբ սկսանք բանալ մեր հոգին քու աչքերուդ դիմաց, մեզի ներշնչած վստահութեանդ իբրեւ արդիւնք, այնպէս, ինչպէս պիտի գտնուէինք մեր Արարչին դէմ յանդիման` անկեղծ, անշահախնդիր, մարդկային մեր հագուստներէն մերկացած, բայց ստեղծագործ հուրով պարուրուած մաքրամաքուր հոգինե՜ր…

Այսպէս նաեւ յաջողեցար վեր հանել մեզ մեր առօրեայէն, Պարո՛ն, իսկ մեր առօրեան` տժգոյն ու խառնափնթոր, մեր գլխուն վրայ պայթող քանի մը մեթր երկարութեամբ ռումբերու որոտներով լեցուն, նոր սարսափներով ու նոր անորոշութիւններով ընդարձակուող, մեզմէ ոմանք` տնտեսապէս քայքայուած ընտանիքներու զաւակներ, մերթ ծնողազուրկ, մերթ ալ պատերազմի պատճառով Լիբանանէն հեռացած  հարազատներու կարօտով տոչորող, քեզ ունեցանք իբրեւ հոգեկան ապաւէն, ամէն անգամ որ յուսահատութիւնը պատեց մեզ` ի հետեւանք մեր շուրջ տարածուող գոյութենական արհաւիրքին, որովհետեւ դուն ուսուցիր մեզ ո՛չ միայն անտեսել երկրին մէջ տիրող պատերազմական մթնոլորտը, այլեւ օգտուիլ մեզի պարտադրուած սահմանափակումներէն ու մահուան ուրուրին հակազդել` երիտասարդական մեր խանդը, մեր զգայնութիւնները, մեր միտքն ու հոգին աւելի եւս հարստացնելով գեղարուեստական գրականութեան աննիւթեղէն գոհարներու ծանօթութեամբ ու ընկալումով:

Աւելի՛ն.  քու անմիջական շրջապատիդ ու մանաւա՛նդ մեզմէ շատերուն համար պատերազմական մութ ու մռայլ  օրերուն դուն եղար կենդանի օրինակ, Պարո՛ն, աշխատանքէն չվախնալու, աշխատանքը ամէն բանէ վեր ու առաջ դասելու, այլեւ աշխատանքո՛վ մենք զմեզ գերազանցելու աշխարհընկալման մեր փորձը վերածելով ներքին այնպիսի կրթանքի մը, որուն շնորհիւ, տարբեր սերունդներու ուսանողներէդ շատ-շատեր, Լիբանան թէ աշխարհացրիւ մեր գաղութներուն մէջ, այսօր ազգային մեր կեանքը վարող կառոյցներու մէջ գործօն տարրեր են, Պարո՛ն: 

Եւ, վերջապէս,  յաւիտենական ուսուցիչի կերպարդ վեր հանող մասնիկ մը միայն` «ՊԱՐՈՆԸ…», նորատիպ հատորդ, Պարո՛ն: Բայց որքան բան կայ գրուելիք տակաւին: Մեր նիւթականացած ներկան անտեսող որքան իրաւ արժէքներ` քեզի կապուած, ուսուցման քու մեթոտիդ կենսունակութեան առնչուող: 

Յակոբ Օշականի աշակերտած ըլլալդ մեծ իրադարձութիւն մը եղած էր քեզի համար, Պարո՛ն, ու չէիր վարաներ զայն յիշելու ամէն հեղ` քու տղայական հոգիիդ մէջ իբրեւ գրականութեան կրակը վառող քուրմ ու հայ ստեղծագործ հոգիի քրմապետ: Օշականէն ազդուած էիր, բայց Օշական մը չկրկնեցիր երբեք, այլ ուսուցչական բազմատասնեակ տարիներու փորձառութեամբդ արժանի եղար այն մեծ գնահատանքին, որ «Պարոն» բառը կը խտացնէ իր մէջ. Պարոնը … յաւիտենական ուսուցիչը…

Ս.Դ.  ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

Պէյրութ

Share this Article
CATEGORIES
TAGS