ՈՒՍՈՒՑԻՉԻ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ՓԱՌԱԲԱՆԱՆՔԷՆ ԱՆԴԻՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆ ՊԷՏՔ Է
Լիբանանի տարածքին այսօր կը նշուի Ուսուցիչներու տօնը: Իսկ մեր պարագային ու բնականաբար, այս տօնը կը կայանայ ու կը վերածուի Հայ ուսուցիչի տօնի:
Հայ ըսելով, անշուշտ, պիտի հասկնանք մեր վարժարաններուն մէջ դասաւանդող բոլոր հայ ուսուցիչները, որոնք ո՛չ միայն հայերէն լեզուով նիւթեր կը փոխանցեն, այլ նաեւ գիտական, լեզուի թէ պատմութեան, ու մինչեւ իսկ արուեստի, երաժշտութեան թէ մարմնակրթութեան նիւթեր:
Այս պարզաբանումը պարզապէս, որպէսզի յստակ դառնայ, թէ հայ դպրոցին մէջ իւրաքանչիւր հայ ուսուցիչ, անկախ իր դասաւանդած նիւթէն, արժէք է ու առաքելութիւն ունի հայ աշակերտը հայ պահելու եւ հայ դպրոցը հայ պահելու ճիգին մէջ:
Ուրեմն, երէկ մեր ուսուցիչները իրենց աշակերտներէն քաղցր ժպիտով ստացած պիտի ըլլան ծաղիկներ, երբեմն յիշատակի փոքր նուէրներ (այն դպրոցներու պարագային, ուր երախտագիտութիւնը նուէրով արտայայտելը արտօնուած է…), աշակերտական ձեռնարկներու ընթացքին փառաբանական խօսքեր (երբեմն ուսուցիչները կապկելու թատերական ներկայացումներ…), ու աւարտին` «Սիրելի ուսուցիչ» երգով կը փակուի ուսուցչաց տօնը:
Երէկ, այսօր կամ յառաջիկայ քանի մը օրերուն, վարժարաններու պատասխանատու մարմիններ պիտի պատուեն իրենց հովանիին տակ գործող ուսուցիչները` ճաշկերոյթով կամ ընթրիքով, ուր պատուոյ սեղանին շուրջ բազմող պատասխանատուները բարձրօրէն պիտի գնահատեն ուսուցիչները, պիտի գովաբանեն անոնց առաքելութիւնը, վեր պիտի առնեն հայ ուսուցիչի զոհաբերութեան ոգին, պիտի յիշեն իրենց մանկութեան ուսուցիչներէն մէկ քանին ու զիրենք գօտեպնդելով յաւուր պատշաճի ծիսակատարութիւնը կատարած ըլլալու հոգեկան գոհունակութեամբ, պիտի խոստանան միշտ հանդիպիլ յաւելեալ գովերգ հիւսելու համար: Կը պատահի նաեւ, որ ուսուցիչները կ՛արժանանան «խորհրդանշական» նուէրներու` չինական արտադրութեամբ գրիչ մը, սուրճի գաւաթ մը կամ փոքր մոմակալ մը: Այս վերջինը պարզապէս յիշեցնելու համար, թէ ուսուցիչը իր շուրջը լուսաւորող այն մոմն է, որ կը վառի, կը լուսաւորէ ու կը հալի, եթէ հանգիստ ձգեն զինք, որ ինքնաբերաբար մարի:
Ու յաջորդ օրը հայ ուսուցիչը զինուած ու գօտեպնդուած փառաբանական ու գովաբանական խօսքերով` յաղթական մուտք կը գործէ վարժարան իր սրբազան առաքելութիւնը շարունակելու համար:
Անկեղծօրէն, սովորութիւն չունիմ երգիծական էջեր գրելու: Բայց նաեւ հակառակ ակնոց գործածելուս, տեսողութիւնս բաւական զօրաւոր է եւ զգայարանքներս զիս չեն դաւաճաներ, ոչ ալ խոշորացոյցով կը դիտեմ հարցերը:
Ներկայացուածը ճշգրիտ արտայայտութիւնն է տասնամեակներէ ի վեր կրկնուող պատկերին:
Թերեւս պէտք է աւելցնել նաեւ, որ ազգային պատասխանատուութեան մէջ գտնուող հազուագիւտ անձեր հեռաձայնով կամ փոքր բացիկով մը կը շնորհաւորեն դպրոցի տնօրէններ կամ բարեկամ ուսուցիչներ: Իսկ դեռ կան շրջանաւարտներ, որոնք պիտի այցելեն իրենց երբեմնի ուսուցիչներուն եւ շնորհակալութիւն յայտնեն իրենց նկատմամբ տարիներու վրայ երկարող անոնց ցուցաբերած հոգածութեան համար:
Անկասկած, երախտագիտական զգացումներով հրապարակ գալը, գնահատանքն ու գովաբանութիւնը, հայ ուսուցիչի առաքելութեան պանծացումը, հայավայել ու անհրաժեշտ կեցուածք է: Պահա՛նջք է նաեւ անվիճելի կերպով:
Բայց չէ, որ գիտութեան, գործնական կեցուածքներու, իրապաշտութեան ժամանակները կ՛ապրի՞նք:
Ինչո՞ւ ժողովրդային ձեռնարկով պիտի չտօնուի Հայ ուսուցիչի տօնը:
Ինչո՞ւ գործնական գնահատական պիտի չտրուի հայ ուսուցիչին:
Ինչո՞ւ երբ կարգը հայ ուսուցիչին գայ անոր կենսամակարդակը բարձրացնելու մասին վարանումներ պիտի ըլլան:
Ինչո՞ւ պետական օրէնքները երբ մեզի շահաւէտ են պիտի գործադրուին ուսուցիչներու նկատմամբ, իսկ երբ յաւելումներ կը ճշդուին, պետական օրէնքով պիտի դանդաղինք անոնց վճարումները կատարելու ընթացքին:
Ինչո՞ւ փոխադրածախսը պիտի վճարուի միշտ տարբեր ու նուազ գումարներով:
Ինչո՞ւ հայ ուսուցիչը պիտի չունենայ հանգստեան թոշակ եւ կամ իր պաշտօնավարութեան աւարտի հատուցումը պիտի ստանայ ամսէ ամիս ու չկարենայ դիմանալ մինչեւ իր մահը:
Ինչո՞ւ հայ ուսուցիչը պիտի չունենայ իր հանգստեան տունը (ինչպէս երկու տասնամեակ առաջ խոստացուած էր Կիլիկիոյ Գարեգին Բ. վեհափառին կողմէ) ու ան իր վերջին օրերը պիտի անցնէ լքուած, ծերանոցին մէկ անկիւնը, իսկ իր թաղումը պիտի կատարուի աննշան կերպով, մէկ քահանայով եւ երկու մեռելաթաղով:
Ինչո՞ւ մեր սիրելի ուսուցիչներէն պիտի պահանջենք ամէն ինչ ու պիտի տանք նուազագոյնը, իսկ անդին նուազ կարեւոր հարցերու քարոզչական նպատակներով պիտի ծախսենք շատ ու շատ աւելին:
Ինչո՞ւ հայ դպրոցին ամբողջ բեռը պիտի ծանրաբեռնենք մեր ուսուցիչներուն վրայ: Հայ աշակերտը հայ դպրոցին մէջ պահելու համար կը կատարենք զեղչեր, դպրոցները կ՛արձանագրեն բացեր, ուսուցիչներու վճարումները չենք կատարեր: Հայ աշակերտը հայ դպրոց կը յաճախէ, դպրոցը կը գործէ, հայ բարերարները օժանդակութիւն կը կատարեն, սակայն կը մոռցուի, որ հայ ուսուցիչը մեծագոյն բարերարն է հայ դպրոցին:
Եւ դեռ ինչո՛ւները կրնանք շարունակել:
Ուսուցիչներու տօնին, փառաբանանքի կողքին, կա՛մք է պէտք եւ լրջութիւն` հայ ուսուցիչը հայ դպրոցին մէջ պահելու համար: Կա՛մք է պէտք է լրջութիւն` հայ ուսուցիչը պահելու, որպէսզի հայ դպրոցը պահուի:
Եթէ այս յիշուած ու դեռ չյիշուած ինչո՛ւներէն մէկ հատին պատասխանը միայն գործնապէս արտայայտութիւն գտնէ, հազար կենաց ու հազար ճառ կ՛արժէ:
Ու այդ պարագային միա՛յն ուսուցիչը կրնայ դիմանալ իր ասպարէզին մէջ եւ ըլլալ մոմ, որ կը մերժէ զինք մարեցնող բոլոր հովերը:
Պատի՛ւ հայ ուսուցիչին, որ դեռ կը շարունակէ իր առաքելութիւնը: Ուսուցիչներու տօնին, երախտագիտական իմ զգացումներս ա՛յս ձեւով ուզեցի արտայայտել:
Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ