ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

 

ԴԱՍՏԻԱՐԱԿ

 Դաստիարակն է:- Կը խօսի ծանր, յըստակ.
Ձայնն աստղերէն, լոյսին կու գայ,
Բառը կ՛ելլէ, թըռիչներուն վրայ հուր կայ.
Զայն կ՛արձակեն իրենց բոյնէն գիրքն ու կեանք:

Թոք կը սպառէ, միտք կը լըլկէ, շունչ կու տայ,
Եւ չի խորհիր իր վէրքերուն,
Մանկութեան դէմ դըրած ամբողջ ծերութիւնն`
Կը բաժնէ իր ծովը բազում լըճի վրայ

Վըսե՜մ կոչում: Հոգեակներու մէջ հըլու,
Ըզգուշաւոր հըպումներով`
Կը գըրէ գութն էջերու վրայ ապահով.
Կը ցանէ սէրն` անձնուիրութիւն քաղելու:

Անոնց կոկոն ուղեղին մէջ կիսաբաց
Կը զետեղէ ճառագայթներ,
Եւ կը լեցնէ խաւերն անոր` բարեբեր
Իր գիտութիւնն Աստուծոյ մէ՜ջ ամփոփած:

Եւ հաւաքած ամանին շուրջն իր սըրտին
Մանկան շըրթներ` որք կը ծըծեն,
Կը բաշխէ, հեզ, անոնց արիւն արիւնէն.-
Այդ իր կեանքն է` որ կ՛անցընէ ուրիշին:

Եւ այսպէս օր մ՛երբոր ըլլայ զոհ մը ծեր,
Մեռնելու մօտ եւ հոգեվարք:
Պիտ՛ մընայ լոկ անոր այս մեծ մխիթարանք`
Թէ` իր կեանքն իր սաներուն մէջ կ՛ապրի՜ դեռ:

                                                    ԴԱՆԻԷԼ ՎԱՐՈՒԺԱՆ

  

 ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՇՈՒՆՉՈՎ
(ՕՐՀՆԱՍԱՑՈՒԹԻՒՆ)

ՄԵՆԵՐԳՈՂ

Թող օրհնուին մատները ձեր,
Հողէն հանող անմահ հոգին:

ԽՈՒՄԲ

Թող օրհնուի մատներն անոնց
Որոնք գոյնէն ու գրիչէն, մշտամշո՜ւշ,
ՈՒ անձանձիր ու աննուաղ` հոծ երկունքէն,
Տարին դրին տարիներուն,
Ու մարդկօրէն ըրին ամէնն
Որպէսզի մեծ մութին խորէն,
չգիտութեան սանդարմետէն
Բերեն լոյսին սա փառքն անշէջ,
Գիրերուն Գիրքն,
Աստուածախօս Մատեանն ահեղ:
Թող օրհնուին, բիւր օրհնուին
Աչքերն հզօր, աչքերը սուրբ
Անոնց` որոնք
Եղան լարուած, քունն հալածող,
Հանգիստէն վեր
Ու կեանքէն դուրս ու չճանչցան դուլը սրտին
Մինչեւ բերին
Սա սրբազան կաթողիկէն
Իր աւարտին.
Թող օրհնուին խոնարհ դպիրն ու շինական
Պարզ քերթողներ,
Պարզ քերթողներ,
Որոնք գառնուկն ու իր մորթին
Ըրին խորան Աստուածներէն անմահ բանին:
Թող օրհնուին հեռուներէն խուրձ-խուրձ եղէգ
Մեզ բերողներն
Ու օրհնուին հզօրամիտ,
Խորաթափանց վերծանողներն,
Վարդապետներ ու երէցներ,
Ու թարգմաններ,
Բոլորն ալ բիւր, բիւր բարիքով
Յիշուին առաջն ամենակալ ու անվախճան
Թագաւորին:
Փա՜ռք ու պարծանք ձեզ առաջին
մշակներուն
Հայաստանեայց սուրբ բարբառին:

ՅԱԿՈԲ ՕՇԱԿԱՆ

(Հատուած)

ՍՈՒՐԲ ՄԵՍՐՈՊ

Երանելին մենակեաց մ՛էր նորատի,
Հոգին` ազատ անցաւորին պայմանէն,
Եւ անձնատուր Երազի մը տարօրէն,
Որ մենութեան անկիւնին մէջ կը փըթթի:

Տըւայտանք մը խոր, անըսփոփ կարօտի
Մենակեացին կը պրկէր սիրտն ուժգնօրէն.
Պիտի գըտնէ՜ր, երբ գար շընորհն հրեղէն,
Պայծառ բըխում աստուածային ոլորտի:

Եւ աղօթքի պահու մը մէջ վերասլաց,
Հոգւոյն վըճիտ ամենատես աչքը բա՜ց,
Տեսա՜ւ շարանն հըրաքանդակ տառերուն…

Ու դարեր վերջ, նոյնիսկ դըպիր մ՛աննշան
Այդ նիշերով թեւ կու տայ իր ներշնչման`
Սուրբին ձօնուած իր այս տաղովն անանուն:

ԱՐՏԱՇԷՍ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES
TAGS