Լ. ՇԱՆԹ ՄԱՆԿԱՎԱՐԺ

Շանթ որքան գիտուն մանկավարժ, նոյնքան արուեստագէտ ուսուցիչ մըն էր: Տեսութիւնները կենդանի գործի վերածող բազմաշնորհ վարպետ մը, որուն համար իւրաքանչիւր դաս ստեղծագործութիւն մըն է եւ ստեղծագործական բարձրագոյն վայելք: Արձանագործը մարմարի կոշտ զանգուածէն գեղեցիկ արտայայտութիւն մը կը կերտէ: Աշխատանքի պահուն ան կը շարժի ներքին ոգեւորութեան եւ ներշնչումի բուռն մղումին անձնատուր: Ուսուցիչին ըրածն ալ ուրիշ բան չէ, սա տարբերութեամբ, որ անոր ստեղծագործող ճիգերը կը ներգործեն ապրող եւ թարմ էակներու վրայ, փոխանակ անշունչ իրերու:

Ուսուցիչ Շանթի տաղանդին գլխաւոր յատկանիշը, զոր ան գիտցաւ լայնօրէն օգտագործել` նիւթ մը կենդանացնելու, գրաւիչ եւ հետաքրքրական դարձնելու իր յորդ կարողութիւնն էր: Ընթացիկ տեղեկութիւններուն մէջ անգամ ան վարժ էր բաբախուն կեանք եւ սրտագրաւ ջերմութիւն դնելու: Օժտուած էր անցեալը վառ գոյներով ոգեկոչելու, վերացական գաղափարները գունաւորելու, շահագրգռութենէ զուրկ կարծուած նիւթերը մարդկային անմիջական որոնումներուն կապակցելու բնատուր շնորհով: Ասոր համար ինչ որ աւանդէր – պատմութիւն, աշխարհագրութիւն, հոգեբանութիւն, մակավարժութիւն – կը դառնար հիւթեղ եւ տպաւորիչ:

Մանրամասնութիւններու մէջ ոչ միայն չէր կորսուեր, այլ զանոնք թել առ թել կը հիւսէր, ամբողջական գաղափարի մը կամ պատկերի մը շուրջ: Հեռու իրմէ` ունկնդիրները զարմացնելու, վերացնելու կամ զարտուղի աշխարհներ առաջնորդելու ամէն մեղաւոր դիտում: Միշտ նիւթին հետ եւ միշտ նիւթին մէջ:

Ստեղծող իր երեւակայութեան կը միացնէր արտայայտութեան անստուեր պայծառութիւն եւ լեզուի կատարեալ յստակութիւն, որոնք այնքա՜ն անհրաժեշտ են ամէն ուսուցիչի համար: Ծանօթէն դէպի անծանօթը, պարզէն դէպի բարդը եւ դիւրինէն դէպի դժուարը մեկնիլ յանձնարարող մանկավարժական օրէնքը ոչ մէկ գաղտնիք կը յարուցանէր Շանթին առջեւ:

Կրկնութեան պահանջը, որ մանկավարժութեան կարեւոր զէնքերէն մէկն է, երկսայրի սուր մը կը դառնայ յաճախ անճարակ դասախօսի ձեռքին մէջ, տաղտկացուցիչ միօրինակութեամբ օրօրելով պահը, եթէ զգոյշ եւ վարպետ եղանակով չգործածուի: Շանթ իր այլազան օրինակներու առատութեամբ եւ տարբեր անկիւններէ նոյն հարցին վրայ յարձակելու ռազմագիտութեամբ անզգալիօրէն կրկնութեան կու տար նորին հրապոյրը:

Մութը հալածելու, տարտամութիւններէն խորշելու հակումը, բանին պերճութիւնը, արտայայտուելու դիւրութիւնը եւ մտածումին հաստատուն նկարագիրը մեծապէս կը նպաստէին անշուշտ այս արդիւնքին: Բայց ատկէ զատ եւ ատկէ վեր` Շանթ գիտէր դիմացինները իր հետ միասին մտածել տալ, խորհրդածութեան մղել:

Մտքերը գործօն լարումի մէջ պահելու եւ հոգիները յուզելու այս աշխատանքին մասնագէտն էր Շանթ:

Մ. ԻՇԽԱՆ

(Հատուած)

Share this Article
CATEGORIES
TAGS