Նիւրեմպերկ Պաշտօնանկ Ըրաւ Իր Մարզիչը

Պունտըսլիկայի կազմերէն Նիւրեմպերկը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշեց, թէ խումբին արձանագրած բաւական ձախող արդիւնքներուն պատճառով, իր պաշտօնը կորսնցուց մարզիչ Միքայէլ Ուիեսինկըր: Այս տարեշրջանին իր կատարած ութ մրցումներուն ոչ իսկ մէկ յաղթանակ արձանագրել յաջողելով` խումբը, նահանջեց 16-րդ դիրք Գերմանիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան ընդհանուր դասաւորման մէջ:

Վերջին ծանր պարտութիւնը` Համպուրկէն (5-0), եղաւ բաւական ծանր եւ անհանդուրժելի խումբին պատասխանատուներուն համար:

Ուիեսինկըր մարզիչ նշանակուած էր դեկտեմբեր 2012-ին:

Երիտասարդ խումբին մարզիչը` Ռոժէ Փրինզեն, նշանակուեցաւ ժամանակաւոր մարզիչ, մինչ որ նոր մարզիչի մը փնտռտուքին աշխատանքները արդիւնք մը տան:

Share this Article
CATEGORIES