2014-ի Մոնտիալ. Հայաստանի Ազգային Հաւաքականը Կը Նախապատրաստուի Զտումի Վերջին Երկու Մրցումներուն

11 եւ 15 հոկտեմբերին, տեղի պիտի ունենան 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին վերջին երկու մրցումները (ոմանք` մէկ), որոնց արդիւնքներուն լոյսին տակ, պիտի յստականան Պրազիլ մեկնող եւ փլէյ-օֆի մրցումներուն իրենց տոմսը ապահովող խումբերը:

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէջէն կը տեղեկանանք, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը, ֆետերասիոնին ֆութպոլի ակադեմիային մէջ նախապատրաստական իր փորձերը կը շարունակէ բաւական լաւ ձեւով` իր վերջին երկու մրցակիցներուն դէմ լաւ արդիւնք արձանագրելու համար:

11 հոկտեմբերին, Հայաստան պիտի հիւրընկալէ Պուլկարիան, իսկ այդ մրցումէն չորս օր ետք, հիւրը պիտի ըլլայ Իտալիոյ:

 

Share this Article
CATEGORIES