Կիրակի, 13 Հոկտեմբերին. Կէս-Մարաթոնի Մրցում` Բոլոր Դասակարգերուն Յատուկ

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին, կիրակի, 13 հոկտեմբերին տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի ախոյեանութեան կէս-Մարաթոնի մրցումը (21 եւ 100 քմ)` բոլոր դասակարգերուն յատուկ:

Անոր ազդանշանը պիտի տրուի առաւօտեան ժամը 7:30-ին, Ժունիէի Ֆուատ Շեհապ մարզահամալիրէն:

Մարզիկները պիտի վազեն Մաալմըթենի ուղղութեամբ, ապա պիտի վերադառնան դէպի Տըպպայէ, հոնկէ ուղղուելով մեկնարկին վայրը, ուր պիտի ըլլայ ժամանման գիծը:

Աւարտին, տեղի պիտի ունենայ մրցանակաբաշխութիւն:

Share this Article
CATEGORIES