Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Մտածեցէք ձեր նիւթական խնայողութեան մասին, որովհետեւ այս օրերուն ունիք բազմատեսակ պարտաւորութիւններ` ընտանեկան թէ կրթական պիւտճէն հաւասարակշռելու:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Կալուածային գնումի կամ ծախելու հարց մը եթէ ունիք, ուշադիր եղէք օրուան գնողական սակերուն, որպէսզի չտուժէք: Դիմեցէք փորձառու անձերու կարծիքին:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ուրախ սեղանի մը շուրջ պիտի խմբուիք ձեր հարազատներով կամ բարեկամներով, «աչքալոյսի» նմանող շնորհաւորական հանդիպման մը առիթով:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Կարգի դրէք ձեր պաշտօնական թուղթերը, ձեր հաշուեցոյցերը, որպէսզի մոռացման պատճառով յապաղումներ չունենաք վ ճարումներու վերաբերեալ:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Դադար տուէք ձեր աշխատանքներուն` ներկայ ըլլալու համար հրաւէրի մը, որ հազուադէպ առիթ մըն է: Յարգեցէք ընկերային հանդիպումները:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Կը մտածէք առաւելագոյն արդիւնքի մը հասնիլ ձեր աշխատանքով: Ձեր շուրջինները կը նկատեն ձեր ջանքերը եւ ըստ այնմ պիտի վարձատրեն ձեզ:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Կատարուած սխալ մը փորձառութիւն նկատեցէք եւ ջանացէք նման անօգուտ թակարդի մէջ չիյնալ: Հեռու մնացէք խորամանկ անձերէ: Օրը կ՛օգնէ:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ծանրաբեռնուած պիտի ըլլայ օրը ոչ միայն ձեր անձնական գործերով, այլեւ` կարիքաւոր անձի մը օգնութեան փութալով: Ան երախտապարտ պիտի մնայ:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ճամբորդութեան որոշում մը կրնայ յետաձգուիլ անակնկալ պատճառով մը: Ձախողութիւն մի՛ նկատէք զայն, որովհետեւ «չարիքէն կրնայ բարիք ծնիլ»:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Հետեւեցէք օրուան ընկերային անցուդարձերուն: Եթէ պարտաւորութիւն մը ստանձնած էք, կատարեցէք` առանց տնտնալու: Ձեր խոստումը մի՛ մոռնաք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Բնութեան ծոցին շրջապտոյտ մը կրնայ դարմանել ձեր յոգնած տրամադրութիւնը: Ոչինչ թարմացնող ուժ ունի` բացի բնութենէն: Օգտուեցէք ուրեմն:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Եթէ խոստում տուած էք երեխաներու` պտոյտի մը տանելու, անպայման կատարեցէք: Մանուկները խաբելը անխղճութիւն է: Անոնք չեն մոռնար սուտը:

