ՆԱԼԲԱՆԴԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԹՈՄԱՍ ՄԵԼԻԱՆ
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան երէկ ընդունեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի ժողովրդավարութեան, մարդկային իրաւանց եւ աշխատանքի հարցերով փոխտեղակալ Թոմաս Մելիան:
Ողջունելով հիւրը` նախարար Նալբանդեան ընդգծեց, որ յաճախակի դարձած հայ-ամերիկեան փոխադարձ այցելութիւնները, քննարկուող բազմաթիւ հարցերը եւ բովանդակութիւնը կը վկայեն երկու պետութիւններու միջեւ ձեւաւորուած ջերմ եւ գործընկերային յարաբերութիւններուն մասին:
Էդուարդ Նալբանդեան եւ Թոմաս Մելիա անդրադարձան ժողովրդավարութեան ամրապնդման ուղղուած Հայաստանի իշխանութիւններուն ձեռնարկած ջանքերուն, այդ ուղղութեամբ արձանագրուած դրական յառաջընթացին եւ հետագայ քայլերուն:
Զրուցակիցները քննարկեցին նաեւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող շարք մը միջազգային եւ շրջանային հարցեր: