«Ազդակ»-Ի Կազմակերպութեամբ. Զրոյց-Քննարկում` «Միջին Արեւելքի Իրադարձութիւններն Ու Հայ Դատը» Նիւթին Շուրջ
Հինգշաբթի, 3 հոկտեմբերին «Ազդակ»-ի «Արսէն Չաղլասեան» ժողովասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ «Միջին Արեւելքի իրադարձութիւններն ու Հայ դատը» նիւթով զրոյց մը` մասնակցութեամբ Հայ դատի Միջին Արեւելքի գրասենեակի պատասխանատու Վերա Եագուպեանի, Դամասկոսէն Արաբ գրողներու միութեան անդամ, «Ազդակ»-ի արաբերէն կայքէջի խմբագիր Նորա Արիսեանի եւ Տօնիկ Տօնապետեանի: Զրուցավարն էր «Ազդակ»-ի միջազգային լուրերու խմբագիր Վահրամ Էմմիեան:
Զրուցակիցները անդրադարձան Միջին Արեւելքի մէջ Թուրքիոյ ազդեցութեան, որուն լոյսին տակ քննարկեցին տարածաշրջանին մէջ Թուրքիոյ նկատմամբ յառաջացած հակակրութեան, արաբական մամուլին մէջ ընդհանրապէս Թուրքիոյ ու անոր վարչակազմին դէմ եղող եւ մասնաւորաբար հայկական հարցերուն անդրադարձող յօդուածներու հրատարակութեան երեւոյթին:
Զրոյցին տեսերիզը յառաջիկայ օրերուն պիտի զետեղուի «Ազդակ»-ի կայքէջին վրայ:

