Ֆութսալ. Արեւմտեան Ասիոյ Բաժակի Մրցաշարքին Լիբանանի Մրցակիցները` Քուէյթ, Քաթար, Սէուտական Արաբիա Եւ Իրաք

Ասիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը իր նիստերէն մէկուն ընթացքին յայտարարեց, որ դեկտեմբերին պիտի սկսին Արեւմտեան Ասիոյ ֆութսալի բաժակի զտումի մրցաշարքի մրցումները, որոնց արդիւնքներուն լոյսին տակ պիտի յստականան Ասիոյ բաժակի մրցաշարքին աւարտականին հասնող խումբերը:

Լիբանանի ազգային խումբին մրցակիցները պիտի ըլլան Քուէյթ, Քաթար, Իրաք եւ Սէուտական Արաբիա:

Լիբանան պէտք է գրաւէ առաջին երեք դիրքերէն մէկը, որպէսզի կարենայ ապահովել Վիեթնամի մէջ տեղի ունենալիք 2014-ի աւարտականներուն իր տոմսը:

Հինգ օրուան ընթացքին, Լիբանան պիտի կատարէ չորս մրցում: Խումբերը մէկական անգամ պիտի մրցին իրարու դէմ եւ ոչ թէ` երթուդարձի դրութեամբ:

Լիբանանի ֆութսալի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 15-րդ հանգրուանի մրցումներուն ընթացքին առաջին երկու դիրքերը գրաւող խումբերը` Սատաքա եւ Լիբանանեան բանակը, սովորականին նման յաղթանակներ արձանագրեցին` յաջորդաբար պարտութեան մատնելով Հարեթ Հըրէյքը (11-1) եւ Շուէյֆաթը (4-3): Անոնք, այսպիսով ապահովեցին տարեշրջանի իրենց 40-րդ կէտերը:

3-րդ դիրքը գրաւող Պէյրութի դրամատունը ունեցաւ 39 կէտ, 6-3 արդիւնքով յաղթելէ ետք Ֆիհաա Թրիփոլիի:

Ստորեւ կու տանք 16-րդ հանգրուանի մրցումներուն յայտագիրը.

ՈՒՐԲԱԹ, 11 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ        ԺԱՄ        ԴԱՇՏ

«Էյ. Եու. Սի. Ի.» – Լիբանանեան բանակ 21:00 Էմիլ Լահուտ

ՇԱԲԱԹ, 12 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ

Ղըպէյրի – «Էյ. Եու. Էս. Թի.»    19:00 Էմիլ Լահուտ

Հալուսիէ – Շուէյֆաթ       19:00 Նեպիհ Պըրրի

Ռապիհ – Հարեթ Հըրէյք     21:00 Էմիլ Լահուտ

ԿԻՐԱԿԻ, 13 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ

Պէյրութի դրամատուն – Սեն Ժոզեֆ 19:00 Էմիլ Լահուտ

Ֆիհաա Թրիփոլի – Սատաքա      21:00 Էմիլ Լահուտ

 

 

Share this Article
CATEGORIES