Եւրոպայի Ախոյեանութիւններ. Այսօր` Հայաստան – Ֆրանսա
Այսօր` հինգշաբթի, 10 հոկտեմբերին, Եուրօ-2015-ի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, Հայաստանի 21 տարեկանէն վար ազգային հաւաքականը Հրազդան մարզադաշտին վրայ կը հիւրընկալէ Ֆրանսան: Մրցումը պիտի սկսի ժամը 21:00-ին, Երեւանի ժամանակացոյցով:
Մրցումը ուղղակիօրէն պիտի սփռուի Հայաստանի պատկերասփիւռի առաջին կայանէն («Հ-1»), եւ անոր մուտքը պիտի ըլլայ անվճար:
Հաւաքականին գլխաւոր մարզիչ Ռաֆայէլ Նազարեան, երէկ տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարեց, որ թէեւ շատերու համաձայն, Ֆրանսա կ՛ենթադրուի ըլլալ մրցումին յաղթանակ ապահովելիք խումբը, սակայն Հայաստանի հաւաքականը դաշտ պիտի ներկայանայ այնպէս, ինչպէս կը մրցիք որեւէ այլ խումբի դէմ:
«Վիրաւորներ չունինք, եւ բոլոր ֆութպոլիստներն ալ պատրաստ են այս մրցումին», հաստատեց ան:
Ինչ կը վերաբերի Եուրօ 2014-ի ախոյեանութեան, Բ. խմբակին մաս կազմող Հայաստան, որուն մարզիչն է Աբրահամ Խաշմանեանը, այսօր կը մրցի Ռումանիոյ դէմ (Լեհաստանի մէջ):

