Արմէն Նազարեան` Պուլկարիոյ Նախորդ Ամսուան Լաւագոյն Մարզիչը
Երէկ Սոֆիայի մէջ (Պուլկարիա) պարգեւատրուեցաւ Ողիմպիական խաղերու ախոյեան Արմէն Նազարեանն ու անոր գլխաւորութեամբ սեպտեմբերին աշխարհի ախոյեան հանդիսացած Իվօ Անկելովը: Հայ ըմբիշը ճանչցուեցաւ Պուլկարիոյ սեպտեմբեր ամսուան լաւագոյն մարզիչը, իսկ Անկելովը` լաւագոյն մարզիկը:
Անկելով, որ հանդէս կու գայ յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի մրցումներուն, ախոյեանի իր կոչումը նուաճեց 60 քկ դասակարգին մէջ:
Իր լուրին վերջին բաժինին մէջ, ArmSport.am հայկական լրատու գործակալութիւնը կը նշէ, թէ Արմէն Նազարեան անկախացած Հայաստանի ողիմպիականի միակ ախոյեանն է, որ 1990-ականներուն վերջերը տեղափոխուեցաւ Պուլկարիա եւ յաջող ելոյթները շարունակեց այդ երկրին դրօշակին տակ:
CATEGORIES Մարզական

