ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐ ՍԱՊՈՒՆՃԵԱՆ ԵՒ ՄԱՆՃԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ «ՇԱՂԶՈՅԵԱՆ» ԿԵԴՐՈՆ

Երէկ, կառավարութեան կազմութեան հրամանագիրին հրապարակումէն ետք, կառավարական նոր կազմին մէջ ՀՅ Դաշնակցութիւնը ներկայացնող նախարարները` ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան եւ պետական նախարար Փանոս Մանճեան այցելեցին «Շաղզոյեան» կեդրոն, ուր հանդիպում ունեցան ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը, ՀՅԴ-ի թեկնածու նախարարներուն ստանձնած նախարարութիւններուն վերաբերող հարցեր եւ լիբանանեան ներքին քաղաքական իրադարձութիւնները:

Share this Article
CATEGORIES