Լրագրողներու Համահայկական 6-րդ Համաժողովի Համակարգող Մարմինի Նիստը

Երէկ` 9 հոկտեմբերին, տեղի ունեցաւ Լրագրողներու համահայկական 6-րդ համաժողովի համակարգող մարմինի նիստը:

Ողջունելով նիստի անդամներն ու հիւրերը` Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան շնորհակալութիւն յայտնեց լրագրողներուն` սփիւռքի հիմնախնդիրները բարձրաձայնելու, լուսաբանելու եւ անոնց լուծման նպաստելու համար: Այնուհետեւ նախարարը ամփոփ կերպով ներկայացուց սփիւռքի նախարարութեան կայացման 5 տարիները, ծրագիրները եւ նախաձեռնութիւնները: «Սփիւռքի նախարարութեան կայացման գլխաւոր դերակատարը սփիւռքն է, առանց որուն մեր ծրագրերը պարզապէս չէին իրականանար», ընդգծեց նախարար Յակոբեան:

Համակարգող մարմինի նախագահ, Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան շնորհաւորեց Հայաստանի սփիւռքի նախարարութիւնը` 5-ամեայ յոբելեանի առիթով եւ խօսքը փոխանցեց սքայփով նիստի անդամներուն միացած «Արմինիըն միրըր սփեքթէյթըր» պարբերականի խմբագիր եւ Հայկական լրատուամիջոցներու համակարգող խորհուրդի անդամ Յակոբ Վարդիվառեանին:

Ընթացիկ աշխատանքներուն մասին հակիրճ զեկոյցներ տուին նաեւ համակարգող մարմինի միւս անդամները:

Միջին Արեւելքի իրադարձութիւններուն, համայնքային խնդիրներու լուսաբանման եւ թրքական գործօնին մասին զեկուցում տուաւ Շահան Գանտահարեան:

Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան կողմէ 2013 թուականին սփիւռքի լրագրողներուն համար կազմակերպուած դասընթացքներուն եւ անոնց արդիւնքներուն մասին զեկուցեց նախարարութեան մամլոյ եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան ատենապետ Էվելինա Բաղդասարեան:

Հայաստանի սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան առաջարկեց լրագրողներու դպրոցի ծրագիրին մէջ ընդգրկել սփիւռքի լաւագոյն ցեղասպանագէտներու դասախօսութիւնները:

Հայաստանի սփիւռքի նախարարը ամփոփեց Լրագրողներու համահայկական 7-րդ համաժողովի նիւթին, ձեւաչափին, վայրին ու թուականին վերաբերեալ առաջարկները:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES