Վ. Սապունճեան Ողջունեց «Անոկա» Ցուցահանդէսին Լիբանանի Մասնակցութիւնը
Ճարտարարուեստի նախարարի պաշտօնակատար Վրէժ Սապունճեան, աւարտելէ ետք Գերմանիա կատարած աշխատանքային իր այցելութիւնը, վերադարձաւ Լիբանան:
Վ. Սապունճեան ողջունեց Գերմանիոյ Քոլոնիա քաղաքին մէջ տեղի ունեցած «Անոկա» ցուցահանդէսին Լիբանանի մասնակցութիւնը. ան այցելեց ցուցահանդէսին մաս կազմող լիբանանեան տաղաւարը եւ շնորհաւորեց մասնակիցները:
«Ցուցահանդէսներուն կարեւորութիւնը կը կայանայ այն իրականութեան մէջ, որ անոնք նոյն յարկին տակ կը համախմբեն գործարարը, առեւտրականը, արտածողը, ներածողն ու շուկայադրելու նոր արտադրութիւն փնտռողը», ըսաւ ան:
Վ. Սապունճեան նշեց, որ «Անոկա»-ի ցուցահանդէսին մասնակիցներուն թիւը աւելի քան եօթը հազար է` աւելցնելով, որ Լիբանան սննդեղէնի ճարտարարուեստին մէջ բաւական յառաջդիմած է եւ բարձրորակ յատկանիշներ կը վայելէ: Ան դրուատեց նաեւ Լիբանանի մէջ «Լիպան Փէք»-ի ջանքերուն շնորհիւ զարգացած ծրարումի ճարտարարուեստը:

