Պըրրի Կը Զօրակցի Քարիւղի Թղթածրարին Յատուկ Կառավարութեան Նիստի Մը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի շեշտեց, որ ինք կը զօրակցի քարիւղի թղթածրարին յատուկ կառավարութեան նիստի մը` հաստատելով, որ այդ հարցը ազգային է եւ երկրին քաղաքացիական ապահովութեան շրջագիծին մէջ կ՛իյնայ` նկատի ունենալով, որ Լիբանանի ցամաքային եւ ծովային սահմանները ենթակայ են իսրայէլեան վտանգին:

Անդրադառնալով բոլոր այն կեցուածքներուն, թէ ոմանք սահմանադրական պատճառներով կը մերժեն կառավարութեան կողմէ արտակարգ նիստի մը գումարումը, Պըրրի ըսաւ, թէ անոնք իրենց այդ կեցուածքով անուղղակիօրէն կը հաստատեն, որ քարիւղի եւ բնական կազի արտահանումը կ՛ուզեն խոչընդոտել:

Պըրրի կոչ ուղղեց` գումարելու այդ նիստը եւ քննարկումները վստահելու նախարարներուն:

 

Share this Article
CATEGORIES