«Ռումիէի Բանտին Թղթածրարին Հետապնդումը Մինչեւ Վերջ Պիտի Շարունակենք» Շեշտեց Միքաթի
Հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ նախագահեց Ռումիէի թղթածրարին յատուկ նիստի մը` ներկայութեամբ արդարութեան նախարարի պաշտօնակատար Շաքիպ Քըրթպաուիի, ընդհանուր դատախազի գործակատար, դատախազ Սամիր Համմուտի, շարք մը այլ դատաւորներու եւ նախարարաց խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Սուհէլ Պուժիի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Ռումիէի բանտին վերանորոգութեան աշխատանքներուն շուրջ բացուած դատական հետաքննութիւնները:
Միքաթի ընդհանուր դատախազութենէն պահանջեց այդ հարցը մինչեւ վերջ հետապնդել եւ արագացնել աշխատանքը` հասնելու համար պատասխանատուները ճշդելու եւ զանոնք պատժելու հանգրուանին:
Հանդիպումէն ետք Քըրթպաուի շեշտեց, որ հետաքննութիւնը պիտի շարունակուի, առանց նկատի ունենալու հանգամանքները: «Հետաքննութեան աւարտին պիտի հրապարակուի դատական իշխանութիւններուն տեղեկագիրը», ըսաւ ան:
Միքաթիի այցելեց տեղեկատուութեան նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Տաուքը, որ շեշտեց, թէ Միքաթի անհրաժեշտ կը նկատէ ամէնէն արագ միջոցին կառավարութեան մը կազմութիւնը:

