Նախագահ Սլէյման Նախագահեց Սուրիացի Գաղթականներուն Յատուկ Նախարարական Նիստի Մը
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ նախագահեց ապահովական բնոյթ ունեցող նախարարական նիստի մը, որ կը վերաբերէր սուրիացի գաղթականներուն եւ որդեգրուած ապահովական միջոցառումներուն:
Նիստին ներկայ գտնուեցան հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի, ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպել, ընկերային հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուաէլ Ապու Ֆաուր, ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ, ինչպէս նաեւ զինուորականներ:
Նիստին ընթացքին քննարկուեցան գաղթականներուն գտնուած վայրերուն մէջ ապահովութիւնն ու կարգապահութիւնը պահպանելու միջոցները:
Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման կրթութեան նախարար Հասսան Տիապէն պահանջեց Թրիփոլիի վարժարաններէն մէկուն մէջ ծեծի ենթարկուած աշակերտի մը թղթածրարը հետապնդել, անոր դրդապատճառները բացայայտել եւ այդ իմաստով պատժական տնօրինումներ որդեգրել:
Նշենք, որ նախագահ Սլէյման հանդիպում մը ունեցաւ Միքաթիի հետ: Քննարկուեցան քարիւղի թղթածրարին վերաբերող կառավարութեան յատուկ նիստ մը գումարելու կարելիութիւնները:
Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ փոխվարչապետի պաշտօնակատար Սամիր Մուքպելը, որուն հետ քննարկեց անոր նախագահած նախարարական յանձնախումբերուն աշխատանքին ընթացքը:
Նախագահ Սլէյման ընդունեց հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմը, որուն շնորհաւորեց` ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութեան կողմէ Նաամէի մէջ ահաբեկչական վտանգաւոր բջիջի մը բացայայտումին համար:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ Ազեզի մէջ առեւանգուած լիբանանցիները ազատ արձակելու բանակցութիւններուն մանրամասնութիւնները:
Հանրապետութեան նախագահը հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլի հետ: Քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանին եւ լիբանանեան բանակին յատկացուած օժանդակութիւնները:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեց Պէյրութ մարաթոնի յանձնախումբի նախագահ Մէյ Խալիլը, որ նախագահին յանձնեց մարաթոնին յատուկ հրաւէրը:

