Լիթուանացի Պաշտօնատարներ Կը Բացառեն Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն Որեւէ Փաստաթուղթի Ստորագրութիւնը
«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Լիթուանիոյ կառավարութեան ներկայացուցիչները միահամուռ կերպով կը պնդեն, որ յառաջիկայ ամիս Վիլնիուսի մէջ կայանալիք վեհաժողովին ընթացքին չի նախատեսուիր Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ Ընկերակցութեան համաձայնագիրի որեւէ տարբերակի նախաստորագրութիւն, այսինքն` նման ակնկալութիւններ պէտք չէ ունենալ:
Լիթուանիոյ նախագահի, կառավարութեան եւ արտաքին գործոց նախարարութեան տարբեր պաշտօնատարներ, որոնք խնդրած են չհրապարակել իրենց անունները, կը նշեն, թէ ատիկա կարելի չէ քանի մը պատճառներով: Նախ եւ առաջ, ինչպէս անոնք կ՛ըսեն, վեհաժողովին մնացած են հաշուուած շաբաթներ, եւ քանի մը հարիւր էջերէ բաղկացած այդ մեծ փաստաթուղթը արմատապէս ձեւափոխելը գործնական գետնի վրայ կարելի չէ: Բացի ատկէ, Եւրոպական յանձնաժողովի պաշտօնեաները Հայաստանի հետ տեղի ունեցած այդ երկար բանակցային հոլովոյթի ընթացքին Ընկերակցութեան համաձայնագիրը դիտարկած են իբրեւ մէկ ամբողջութիւն, եւ այդ փաստաթուղթի որոշ մասեր առանձնացնելու եւ զանոնք ստորագրելու կամ նախաստորագրելու համար իրենք պէտք է նոր բանակցային լիազօրութիւն ստանան` կա՛մ Եւրոպական յանձնաժողովէն, եւ կամ Եւրոպական Միութեան անդամ պետութիւններէն: Լիթուանացի պաշտօնեաները կ՛ըսեն, որ հոլովոյթը պէտք է սկսիլ զերոյէն եւ ատոր համար անհրաժեշտ են ամիսներ, եթէ ոչ տարիներ:
Անոնք նաեւ կը նշեն, որ Պրիւքսելի մէջ եւրոպացի պաշտօնեաները բաւական հիասթափած են Հայաստանի` վերջին պահուն կայացուցած անակնկալ որոշումէն եւ առանձնապէս մեծ փափաք չունին շատ արագ կերպով աշխատելու, հասցնելու, փաստաթուղթը վեհաժողովէն առաջ արմատապէս փոխելու:
Լիթուանացի պաշտօնեաներուն մօտ գերակշռող զգացումը Հայաստանի նկատմամբ ըմբռնումն է եւ նոյնիսկ կարեկցանքը: Անոնք կը հասկնան, որ նախագահ Սերժ Սարգսեան այդ որոշումը կայացուցած է Ռուսիոյ ճնշումին տակ. անոնք կը նշեն, թէ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի վերջերս Պաքու տուած այցելութիւնը, Ազրպէյճանին վաճառուող ռուսական զէնքի հանգամանքը, եւ այլ տուեալներ Հայաստանի վրայ ռուսական ճնշման մէկ մասը կը հանդիսանան: Այդ պատճառով ալ, անոնք կ՛ըսեն, որ Հայաստանի այդ քայլին պէտք է ըմբռնումով մօտենալ:
«Ազատութիւն»-ը կը նշէ, որ այս ենթահողին վրայ բաւական կոշտ եղած են մէկ այլ լիթուանացի պաշտօնատարի` խորհրդարանի փոխնախագահ Փեթրաս Աուշթրեիվիչուսի գնահատականները: Վերջինս քննադատեց Սերժ Սարգսեանի` Մաքսային Միութեան միանալու քայլը, նշեց, որ ատիկա ո՛չ միայն մեծ անակնկալ էր եւրոպացիներուն եւ մասնաւորաբար իրեն համար, այլ նաեւ ատիկա խախտեց եւրոպական երկու սկզբունքներ` թափանցիկութիւնն ու կանխատեսելիութիւնը:
«Ասիկա քաղաքականութիւն իրականացնելու եւրոպական ձեւ չէ, այսպէս քաղաքականութիւն կ՛իրականացնեն Եւրոպայէն արեւելք գտնուող տարածաշրջաններուն մէջ», ըսաւ Աուշթրեվիչուս:
Ըստ անոր, դառնալով Մաքսային Միութեան անդամ` Հայաստանը կտրուկ կերպով պիտի նուազեցնէ Եւրոպական Միութեան հետ համարկման իր կարելիութիւնները եւ այսուհետեւ Եւրոպական Միութեան հետ յարաբերութիւններուն մէջ Հայաստան պիտի ունենայ աւելի ցած կարգավիճակ, քան Ուքրանիան, Մոլտաւիան եւ Վրաստանը:


