21 Հոկտեմբերին. Փլէյ-Օֆ-ի Մրցումներու Վիճակաձգութիւն

ArmSport.am հայկական լրատու գործակալութենէն կը տեղեկանանք, որ 21 հոկտեմբերին ՖԻՖԱ-ն պիտի կատարէ 2014-ի Մոնտիալի փլէյ-օֆ-ի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը` Եւրոպայի ցամաքամասին մէջ:

Զտումի մրցումներուն աւարտին, ինը խմբակներուն մէջ, լաւագոյն երկրորդ դիրքը գրաւած խումբը կ՛ապահովէ Պրազիլի իր տոմսը, մինչ մնացեալ ութ խումբերը, իրարու դէմ փլէյ-օֆ-ի մրցումներ պիտի կատարեն երթուդարձի դրութեամբ:

Անոնց վիճակաձգութիւնը տեղի պիտի ունենայ ըստ անոնց գրաւած դիրքերուն` ՖԻՖԱ-ին կողմէ հրապարակուած աշխարհի ընդհանուր դասաւորման: Այդ ութ խումբերը պիտի բաժնուին երկու խմբակի:

Երթի մրցումները տեղի պիտի ունենան 15 նոյեմբերին, իսկ դարձի մրցումները` 19 նոյեմբերին:

 

 

Share this Article
CATEGORIES