Էթու Որոշեց Վերադառնալ Ազգային Խումբ

Չելսիի յառաջապահ Սամուէլ Էթու յայտարարեց, որ, թէեւ որոշած էր լքել իր միջազգային ասպարէզը` Քամերունի ֆութպոլի ազգային խումբին հետ, սակայն այժմ փոխելով իր միտքը, որոշեց վերադառնալ ազգային խումբ: Այս մասին կը յայտնէ ArmSport.am հայկական լրատու գործակալութիւնը` մէջբերելով «Ռոյթըրզ»-ի հրապարակած լուրը:

32 տարեկան Էթու, որ այսօր, ազգային խումբին իր խմբակիցներուն հետ կը սկսի իր փորձերուն, պատրաստուելու համար Թունուզի դէմ տեղի ունենալիք մրցումին (2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարք), ըսաւ, թէ պէտք է ամէն ճիգ ի գործ դնէ, «որպէսզի յաջողինք Պրազիլի տոմս մը ապահովել»:

Share this Article
CATEGORIES