Սպանիոյ Կազմին Մէջ (2014-ի Մոնտիալ). Միշու Փոխարինեց Վիյան

Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ Վիչենթէ Տել Պոսքէ յայտարարեց, որ 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ խումբին կատարելիք վերջին երկու մրցումներուն` Պիելոռուսիոյ եւ Վրաստանի դէմ, վիրաւոր Տաւիտ Վիյան փոխարինողը պիտի ըլլայ Սուանզիի յառաջապահ Միշուն:

27 տարեկան Միշու, որ Ռայօ Վայեքանոյէն միացաւ «Փրեմիեր լիկ»-ի խումբին, ցարդ չէ կրած Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին շապիկը:

Նշենք, որ Աթլեթիքօ Մատրիտի յառաջապահ Վիյա, որ նախորդ շաբաթավերջին վիրաւորուեցաւ, քաշուեցաւ Սպանիոյ կազմէն:

 

Share this Article
CATEGORIES