Մեր Մեծ Բանաստեղծ Ուսուցիչը` Մուշեղ Իշխան

ՏՈՔԹ. ՀՐԱՆԴ ԱՃԵՄԵԱՆ

Տարիներու մշուշին մէջէն, սա պահուն, մտքիս առջեւ կը պայծառանայ դէմք մը, կրթական մշակի մը տիպարը, ուսուցիչ հայ մարդ մը: Դէմքը հետզհետէ մարմին մը կը զգենու ու կեանք կը դառնայ: Կը դառնայ շունչ ու ոգի: Հայ ուսուցիչի տիպար ոգին` Մ. Իշխան:

Արդարեւ, Մուշեղ Իշխան, Ճեմարանի յարկէն մինչեւ ամպիոնը Անթիլիասի դպրեվանքին, եղաւ հայ ուսուցիչի եւ հայ մանկավարժ-դաստիարակի այն ոգեղինացած տիպարը, որմէ իրենց ազգային տոհմիկ դաստիարակութիւնը ստացան հայ սերունդներ: Ուսուցիչ մը, որ ներշնչման աղբիւր հանդիսացաւ ազգային եւ մարդկային ձգտումներու, որոնց նրբացման, յղկման եւ զարգացման նուիրուեցաւ ան կէս դար շարունակ: Եղաւ սպասարկուն տոհմային արժէքներու պահպանման եւ փոխանցողը` մարդկային գիտութեանց:

Սովորական իմաստով հայ ուսուցիչ մը չէր ան, այլ դաստիարակ մարդ մը, որ յիսուն տարիներու ընթացքին հասնող սերունդներու հոգիներուն մէջ ցանեց առողջ մտածումի, ազնիւ զգացումի եւ գեղեցիկ հոգիի սերմեր:

Մ. Իշխանի ուսուցիչի, դաստիարակի եւ հանրային գործիչի յատկանիշներէն մէկն ալ այն էր, որ ան` իբրեւ երրեակ առաքելութիւնները մարմնաւորող անձ, այդ ամէնուն առընթեր, անհատականութիւն մըն էր եւ մանաւանդ` նկարագիր մը: Նկարագիր մը, որ պայծառ է խօսքով, հաւատքով` ուղիղ, սիրով` անկեղծ, ուսուցանելու մէջ` անձանձրոյթ:

Տակաւին պատանիներ, Ճեմարանի աշակերտական մեր գրասեղաններուն ետեւէն, գիտէինք հայերէնի մեր ուսուցիչին բանաստեղծ ըլլալը: Կարդացած էինք իրմէ քանի մը քերթուածներ` քնարական եւ ազգային լարերով: Յաճախ ինչպիսի՜ ակնածանքով կը խօսէր հայ գրողներու եւ բանաստեղծներու մասին` անոնց տողերէն մէջբերումներ ընելով: Հետաքրքիր աշակերտներս ի՜նչ անհամբերութեամբ կը սպասէինք ի՛ր տողերու մասին ակնարկի մը, սակայն` ի զուր: Ո՛չ մէկ ատեն պատահեցաւ անիկա: Ո՛չ իսկ դպրեվանական մեր համեմատաբար հասուն շրջանին: Չէր խօսեր իր մասին: Իր գրուածքներուն մասին: Երբեմն աշակերտներս հարցումներու ճամբով կը փորձէինք խօսեցնել մեր բանաստեղծ ուսուցիչը, սակայն ան գիտէր խուսափելու կերպը: Համեստ էր ան:

Զգայուն էր Մ. Իշխանը իբրեւ ուսուցիչ: Դիւրայոյզ եւ դիւրաբորբոք` հայ արժէքներու հանդէպ անհոգ ու մեղկ աշակերտներու նկատմամբ: Այդպիսիներուն յաճախ կը կրկնէր. «Տղա՛ք, ասանկ երթաք, օր մը աշնանային տերեւներու պէս պիտի թափիք»: Տպաւորուած էինք այս խօսքերէն, որոնք աշակերտներս յաճախ կը փոխանցէինք իրարու, երբ գտնուէինք անհոգ ընթացքի մէջ: Հեռու էր ան ցուցամոլութենէ եւ կը խուսափէր պաճուճեալ ձեւականութիւններէ: Զուսպ էր ան բեմին վրայ եւ հեռու` պոռոտախօսութենէ: Գրական երեկոյթի մը կամ ազգային-քաղաքական բնոյթով հանդէսի մը ընթացքին խօսելուն` ան կը յայտնէր առողջ մտածումներ եւ գիտէր թափանցել իր ունկնդիրին ներաշխարհը: Անմիջական էին իր խօսքերը: Ան կը հաւատար իր ըսածներուն: Երեւոյթ մը, որուն շատ չենք հանդիպիր այս օրերուն, քիչ մը ամէն տեղ:

Այսօր, իր ծննդեան հարիւրամեակին առիթով, տարիներու մշուշին մէջէն կը շողայ դէմքը ուսուցիչ, մանկավարժ, դաստիարակ եւ հանրային գործիչ Մուշեղ Իշխանին, որ ամբողջ կէս դար խնկարկեց հայ գրականութեան` բերելով իր արժէքաւոր նպաստը հայ բանաստեղծութեան, խնկարկեց հայ մանկավարժութեան` բերելով իր կարեւոր ներդրումը հայ սերունդներու ազգային ու մարդկային դաստիարակութեան գործին, խնկարկեց գեղեցիկ ու վսեմ, առողջ ու ազնիւ գաղափարներու խորանին` ներշնչելով ու տոգորելով սերունդներու հոգիները նոյն գաղափարներով եւ նոյն իտէալներով:

Յարգա՛նք իր յիշատակին:

 

 

Share this Article
CATEGORIES