Ազգ. Ե. Մանուկեան Քոլեճի Եւ Սիրան Մանուկեան Մանկապարտէզի Վերամուտ

 

 

 

 

 

 

Երեքշաբթի, 24 սեպտեմբեր, 2013–ին, Ազգ. Ե. Մանուկեան քոլեճը վերանորոգուած ու նոր  փայլ ստացած դասարաններով գրկաբաց  ընդունեց իր մեծ ընտանիքը:

Տարեսկիզբի ազդանշանը տուող առաջին  զանգին, աշակերտները սրահին մէջ  հաւաքուեցան, հաւաքաբար «Տէրունական աղօթք»-ը արտասանեցին ու քոլեճին քայլերգը  երգեցին, որմէ ետք բեմ բարձրացաւ քոլեճի  տնօրէն Զոհրապ Ղազարեան:

Ան  բարի վերամուտ մաղթեց ներկաներուն  իրենց հարազատ տան մէջ, շնորհաւորեց  քոլեճին աշակերտները, ուսուցիչներն ու  ծնողները, որոնց անխոնջ աշխատանքին  շնորհիւ, անցեալ տարուան պետական  քննութիւններուն կարելի եղաւ արձանագրել  պատուաբեր արդիւնքներ (պըրըվէ` 45/50, իսկ    պաքալորէա` 32/32  ), ու մաղթեց, որ այս  տարուան աշակերտները եւս, զիրենք  նախորդող շրջանաւարտներուն նման, բարձր  պահեն իրենց քոլեճին անունը` թէ՛ կրթական եւ  թէ՛ ազգային կեանքին մէջ:

Ան անդրադարձաւ նաեւ դպրոցին մէջ  կատարուած նորոգութիւններուն` նշելով, թէ  ամրան ընթացքին երկրորդ եւ երրորդ  յարկերուն վրայ գտնուող դասարաններն ու  անցքերը ներկուած են ու պատուած` նոր  սալայատակով, մանկապարտէզը  ամբողջութեամբ վերանորոգուած է, արուեստի  դասարանը արդէն պատրաստ է, իսկ պասքէթի  դաշտին աշխատանքները ընթացքի մէջ են:

Ապա տնօրէնը բեմ հրաւիրեց քոլեճի Ա.-է Ժբ.  կարգերու 50 նորեկ աշակերտները, որոնք կու գային հայկական թէ օտար, լիբանանեան ու  սուրիական զանազան վարժարաններէ: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը, իբրեւ բարի գալուստի  արտայայտութիւն, իր դասընկերներուն կողմէ  ստացաւ ծաղիկ մը :

Նորեկներէն ետք բեմ բարձրացան  մանկապարտէզի շրջանաւարտները, իբրեւ  այս  տարուան առաջին դասարանի աշակերտներ  եւ ծափահարութիւններով ընդունուեցան իրենց  երէց դասընկերներուն եւ ուսուցիչներուն  կողմէ:

Չորեքշաբթի, 25 սեպտեմբերի առաւօտուն,  քոլեճին աշակերտները դարձեալ  հաւաքուեցան սրահին մէջ, ուր Սարգիս քհնյ.  Սարգիսեանի քարոզը լսելէ ետք Ս.  հաղորդութիւն ստացան:

Իսկ մանկապարտէզի փոքրիկները, հինգշաբթի, 26 սեպտեմբերին, իրենց ծնողներուն  ընկերակցութեամբ, անհաստատ քայլերով  մտան մանկապարտէզ. ծանօթացան իրենց դասատուներուն եւ գոյնզգոյն ներկուած ու նոր  կահ-կարասիներով օժտուած դասարաններուն: Ապա իջան սրահ, ուր հաւաքական երգի  պահուն հաճելի ժամանակ անցուցին «Hi Kids»  խումբին հետ: Խամաճիկն ու արջուկը  փոքրիկներուն դէմքերը ներկեցին, ապա անոնք միասնաբար երգեցին, պարեցին ու խաղացին եւ վերամուտի ձեռայիններ ստանալով` իրենց  ծնողներուն հետ վերադարձան իրենց  տուները:

Շարունակելով վերամուտի ուրախ մթնոլորտը, մանկապարտէզի փոքրիկները երկուշաբթի, 30 սեպտեմբերին, մեկնեցան Զալքայի հանրային պարտէզը, ուր խաղացին եւ ուրախ պահեր  անցուցին` աւելի եւս մտերմանալով իրենց  ուսուցիչներուն եւ ընկերներուն հետ:

Share this Article
CATEGORIES