Սրբոց Հռիփսիմեանց Բարձրագոյն Վարժարան 2013-2014 Ուսումնական Տարեշրջանի Վերամուտի Նշմարներ

 

 

 

 

 

 

Հոկտեմբերի 1-ի առաւօտեան, վերամուտի առիթով Սրբոց Հռիփսիմեանց վարժարանը ուրախ, տօնական տրամադրութիւններու եւ ցնծութեան մէջ էր:

Վարժարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ  վարժարանի վերանորոգուած պասքեթպոլի մարզադաշտի բացումը մասնակցութեամբ վարժարանի տնօրէնուհիին, վարժարանի բարերար-ծնողի,Պրն. Սարգիս Պուտաքեանին, ծնողական վարչութեան ատենապետին, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայէն հիւրաբար ներկայ Արհիապատիւ Հայր Յովհաննէս Եպս. Թէյրուզեանին:

Լիբանանի եւ Հայաստանի պետական քայլերգները հնչելէ ետք խօսք առնելով` վարժարանի տնօրէնուհի, քոյր Արմինէ Մակարոսեան բարեբեր վերամուտ մաղթեց: «Հայ դպրոցը բոլորիդ հարազատ տունն է: Հետեւաբար այդ տունը առաւել զարգացած` այսօր բացած է իր հիւրընկալ դռները»: Նկատել տալով, որ վարժարանին մէջ տեղի ունեցած են ակնառու փոփոխութիւններ, մեծ զոհողութիւններու իբրեւ արդիւնք, քոյրը այդ առթիւ մեծ շնորհակալութիւն յայտնեց Աստուծոյ, նաեւ ազնիւ բարերարին:

Իր կարգին  Ս. Պուտաքեան խօսք առնելով` ըսաւ. «Մեր ամբողջ նպատակն է ամէն ինչ ընել` պահելու համար հայ աշակերտը հայ դպրոցի մէջ, որուն համար հարկաւոր է դպրոց-ծնողք փոխյարաբերութիւն եւ անկեղծ գործակցութիւն: Հարկ է սատարել նիւթապէս եւ բարոյապէս, որպէսզի հայ դպրոցը բարգաւաճի եւ վերելքներ արձանագրէ»:

Վարժարանի ծնողական վարչութեան ատենապետ Միհրան Նաճարեան փոխանցեց վերամուտի առիթով օրուան պատշաճ պատգամը: Ան ըսաւ աշակերտներուն. «Այս հանդիսաւոր պահը ձեր կազմաւորումի մեկնակէտն է` իբրեւ քաղաքակիրթ, գրագէտ մարդու, իբրեւ զտարիւն հայու, հաւատացեալ քրիստոնեայ մարդու եւ օրինապահ քաղաքացիի»:

Նկատի ունենալով 2012-2013 ուսումնական տարեշրջանի պետական քննութիւններուն վարժարանին արձանագրած բացառիկ արդիւնքները, վարժարանի տնօրէնութիւնը յատուկ յուշանուէրով եւ կրթանպաստով պարգեւատրեց Ռոտրիկ Սեփեթճեանը: Տնօրէնուհի քոյրը նաեւ ողջունեց բոլոր այն աշակերտները, որոնք բարձր եւ գնահատելի արդիւնքներ արձանագրած էին պետական քննութիւններուն:

Վերամուտի այս տօնակատարութեան ողջ ընթացքին վարժարանի երգուսոյց Մանուէլ Քէշիշեան հայկական ուրախ ու ճոխ երգերու շարանով խանդավառեց մթնոլորտը: Աճապարենք ըսելու, որ հարուածային գործիքներու վրայ կ՛ընկերանար վարժարանի աւարտական դասարանի աշակերտ Արամ Մալխասեան: Այնքան ջերմ ու ընտանեկան էր մթնոլորտը, որ երկրորդականի ու միջնակարգի աշակերտները ուրախ շուրջպարով մը միացան երգ ու երաժշտութեան` աւելի տօնական դարձնելով օրը:

Միջոցառման ընթացքին վարժարանի տնօրէնուհին միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտութեան նաեւ յանձնեց Քանատայի հռիփսիմեանցականներուն կողմէն տրամադրուած լուսանկարչական գործիքները` իբրեւ նուէր եւ հաղորդակցութեան անքակտելի կապ:

Հանդիսութեան աւարտին խօսք առաւ Հայր Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեանը. «Դո՛ւք, լիբանանահայ աշակերտներ, դուք բախտաւոր էք, որ հայերէն կը սորվիք, կրօնական գիտելիքներու կը տիրանաք, գիտէք երախտապարտ ըլլալ բոլոր անոնց, որ բարիք կը գործեն հայ դպրոցին գոյատեւման եւ յառաջդիմութեան ի խնդիր»: Այնուհետեւ սրբազանը «Պահպանիչ»-ով փակեց վերամուտի գեղեցիկ ձեռնարկը:

Share this Article
CATEGORIES