Վերամուտ` Սուրէն Խանամիրեան Ազգային Քոլեճին Մէջ

 

 

 

 

 

 

 

Սուրէն Խանամիրեան ազգային քոլեճը ողջագուրեց իր զաւակները ուրբաթ, 27 սեպտեմբեր 2013-ին: Առաւօտեան, աշակերտները վերամուտի առիթով ստացան Ս. հաղորդութիւն: Անկէ ետք քոլեճի տնօրէն Նելլի Վէքիլեան բարի գալուստ մաղթեց բոլոր աշակերտներուն: Ան ըսաւ. «Ուրախութեամբ ու ժպիտով դիմաւորեցէ՛ք տարին, դարձէ՛ք լաւ աշակերտներ, պատուաբեր արդիւնքներ ձեռք բերէ՛ք,  եւ կը մաղթեմ, որ բարի ու խաղաղ տարի մը անցընէք»: Ան նաեւ աւելցուց, որ միասնաբար` ուսուցիչ, ծնողք, աշակերտ, նոր փայլք կրնան տալ Սուրէն Խանամիրեան ազգային քոլեճին եւ միասնաբար կրնան հասնիլ յաջողութեան նոր բարձունքներու:

Աշակերտները բարձրացան իրենց վերանորոգուած դասարանները` օժտուած արդիականացած մեթոտներով: Տեսնելով վառ ու զուարթ գոյներով ներկուած պատերը, նոր գրասեղանները, երջանկութեան նշոյլը գծագրուեցաւ իւրաքանչիւր աշակերտի դէմքին վրայ: Անոնք նաեւ ուրախ էին, որ դպրոցը կրկին անգամ իր դռները բացած էր, ուստի անոնք պիտի ըմբոշխնէին դպրոցին կողմէ հրամցուած վայելքները` գիտութիւնը, խաղը եւ երջանիկ ու առողջ միջավայրը:

Կէսօրին վարժարանի բակին մէջ կը տիրէր խանդավառ մթնոլորտ: Իւրաքանչիւր դասարանի պատրաստուած էր իրեն յարմար մարզական խաղեր, որոնց յաջորդեցին հայերէն խանդավառ երգերն ու պարերը:

Share this Article
CATEGORIES