75-ամեայ Մեսրոպեան Վարժարանի Վերամուտի Պաշտօնական Հանդիսութիւն
Տօնական մթնոլորտի մէջ, 26 սեպտեմբեր 2013-ին, առաւօտեան ժամը 7:30-ին, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ 2013-2014 կրթական տարեշրջանի բացման պաշտօնական հանդիսութիւնը:
Վերամուտի բացման հանդիսութիւնը սկսաւ «Տէրունական աղօթք»-ով եւ Լիբանանի, Հայաստանի ու Մեսրոպեան վարժարանի քայլերգներով: Ապա վարժարանի Աշակերտական խորհուրդի բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Մեղրի Չարըքեան, որ նշեց, թէ միայն հայ դպրոցով հայրենիքէն հեռու հայը հայ կը մնայ, կը պահպանէ իր ժառանգութիւնն ու մշակոյթը եւ կը հետապնդէ իր Դատը:
Ապա գեղարուեստական յայտագիրի առաջին բաժինով ելոյթ ունեցաւ լիբանանահայ երգչուհի Շաքէ Պաղտասարեան, որմէ ետք խօսք առաւ Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ, որ նշեց, թէ Մեսրոպեան վարժարանը 75 տարիներու ընթացքին դաստիարակեց ու կրթեց սերունդներ` մարդկային, հոգեւոր ու ազգային արժէքներով: Ան ըսաւ, որ վարժարանը կը մնայ երիտասարդ, որովհետեւ մնայուն կերպով զարգացման մէջ է ու քայլ կը պահէ կրթական եւ արհեստագիտական նորարարութիւններուն հետ: Տնօրէնը հաստատեց, որ Մեսրոպեանի յաջողութեան գլխաւոր գրաւականը Մեսրոպեանի առաքելութեան հաւատացող ծնողներու մեծ փաղանգն է, որ անցեալին նման, այս տարի ալ ամբողջական վստահութեամբ եւ մեծ թիւով վարժարանին կը յանձնէ իր զաւակները:
Խօսելով վարժարանին մէջ արձանագրուած զարգացումներուն մասին` Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէնը նշեց, որ այս տարեշրջանին վարժարանի մանկապարտէզը ելեկտրոնային վարժարան ըլլալու անդրանիկ քայլերը կ՛առնէ եւ տարեշրջանի աւարտին մանկապարտէզը կը դառնայ հայկական առաջին ելեկտրոնային վարժարանը: Ան աւելցուց, որ այս ծրագիրը յառաջիկայ տարիներուն պիտի իրականան մնացեալ բաժիններուն մէջ: Կ. Գալուստ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ Ֆրանսական հիմնարկի հետ արդէն իսկ համաձայնութիւնը կնքուած է, եւ առաւելագոյնը հինգ տարի ետք Մեսրոպեանը, լիբանանեան պաքալորէայի կողքին, կ՛ունենայ նաեւ ֆրանսական պաքալորէա:
Գեղարուեստական յայտագիրի երկրորդ բաժինով ելոյթ ունեցաւ վարժարանի աշակերտ Միսաք Ազատեան: Վերամուտի բացման պաշտօնական արարողութեան աւարտին խօսք առաւ հայ կաթողիկէ վարժարաններու տնօրէններու խորհուրդի նախագահ եւ Մեսրոպեան վարժարանի նախկին տնօրէն Գէորգ ծ. վրդ. Եղիայեան, որ Մեսրոպեան վարժարանին մաղթեց յարատեւ վերելք, գոյերթի շարունակականութիւն եւ նոր նուաճումներ: Հայր Եղիայեան մեծապէս գնահատեց Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստին գործունէութիւնը եւ հաստատեց, որ անցեալին նման` այսօր ու ապագային ալ Մեսրոպեան վարժարանը պիտի մնայ դէպի լոյս առաջնորդող կրթական, ազգային եւ հոգեւոր օճախը:



