Վերամուտը Ս. Խաչ-Հարպոյեան Վարժարանին Մէջ

Երեքշաբթի, 24 սեպտեմբեր 2013-ի առաւօտեան ժամը 8:00-ին հնչեց հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանի 2013-2014 կրթական տարեշրջանի առաջին զանգը:

Լիբանանի, Հայաստանի եւ վարժարանի քայլերգներու ունկնդրութեան ընթացքին աւարտական դասարանի աշակերտներէն մին բարձրացուց երեք դրօշակները, ապա աշակերտները աղօթքով սկսան վերամուտի առաջին օրը` գլխաւորութեամբ Մեսրոպ ծ. վրդ. Սիւլահեանի, որ «Տէրունական աղօթք»-ով, Աստուածամօր նուիրուած ողջոյնով եւ «Պահպանիչ»-ով օրհնութիւն փոխանցեց բոլոր աշակերտներուն: Ապա անոնք ունկնդրեցին տնօրէն Ռիթա Պոյաճեանին խօսքը, որ բարի գալուստ մաղթեց բոլորին, մանաւանդ` նորեկ աշակերտներուն: Ան շնորհաւորեց պետական քննութիւններուն յաջողած աշակերտները եւ մաղթեց, որ յաջողութեան ալիքները կը շարունակուին վարժարանին մէջ ու տարուէ տարի պատիւ կը բերեն այս կրթօճախին: Ռ. Պոյաճեան իր խօսքին աւարտին առողջութիւն մաղթեց բոլոր ծնողներուն, որոնց թափած ջանքերուն եւ նուիրումին շնորհիւ աշակերտները կը շարունակեն իրենց ուսումը, եւ մաղթեց նաեւ, որ այս տարեշրջանը ընթանայ խաղաղ եւ հեզասահ պայմաններու մէջ:

Ապա շրջափակին մէջ յայտնուեցան անցեալ տարեշրջանի «Հայ ենք մենք» թատրոնի անդամները. անոնք «Հայ ենք մենք» եւ «Իմ անունը Հայաստան Է» երգերով խանդավառութիւն ստեղծեցին աշակերտներուն մօտ, որոնք խմբային պարերով ու շուրջպար բռնելով` մասնակցեցան ուրախ մթնոլորտին:

Վերամուտի առաջին օրը ընթացաւ ջերմ ու ընկերային տրամադրութեամբ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES