Գաղութէ-Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Իրան

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Երջանկայիշատակ Զարեհ Եւ Խորէն Կաթողիկոսներու Վախճանման 50 Եւ 30-Ամեակներու Նշում

Հոկտեմբեր 5-ի երեկոյեան, նախագահութեամբ Սպահանի հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն եպս. Չարեանի եւ նախաձեռնութեամբ նոյն թեմի Կրօնական խորհուրդին, Նոր Ջուղայի ՀՄՄ «Արարատ» միութեան սրահին մէջ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ երանաշնորհ` Զարեհ Ա. եւ Խորէն Ա. կաթողիկոսներու վախճանման 50 եւ 30-ամեակների առիթով տեղի ունեցաւ յուշերեկոյ` դասախօսական եւ գեղարուեստական յայտագիրով:

Բացման խօսքը արտասանեց Շահինշահրի հայ համայնքի հոգեւոր տեսուչ Անանիա վրդ. Գուճանեանը: Այնուհետեւ դասախօսական ելոյթներ ունեցան Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգսեանը` արտացոլելով Զարեհ Ա. կաթողիկոսի կեանքն ու գործունէութիւնը եւ Լիբանանի խորհրդարանի անդամ Յակոբ Բագրատունին` անդրադառնալով Խորէն Ա. կաթողիկոսին: Ձեռնարկը եզրափակուեցաւ թեմակալ առաջնորդ Բաբգէն եպս. Չարեանի հայրական պատգամով:

Գեղարուեստական կատարումներով ելոյթ ունեցան Նոր Ջուղայի Հ. Մ. Մ. «Արարատ» միութեան Մշակութային միաւորի «Կռունկ» ասմունքի խումբն ու Ս. Ամենափրկիչ վանքի «Կոմիտաս» երգչախումբը:

– Նախագահութեամբ Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգսեանի եւ նախաձեռնութեամբ Թ. Հ. Թեմական եւ Կրօնական խորհուրդներու տեղի ունեցաւ, յուշերեկոյ «Չհարմահալ» միութեան «Յ. Թումանեան» սրահին մէջ:

Ցուցադրուեցաւ տեսերիզ` երկու իրերայաջորդ վեհափառ հայրապետների կեանքի, կաթողիկոս օծուելու եւ յուղարկաւորութեան ու թաղման արարողութիւններէն: Տեսերիզը, որը կը պարփակէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Վեհափառ Հայրապետին երկու երջանկայիշատակ վեհափառների վեհութեան մասին կատարուած արտայայտութիւնները:

Յուշերեկոյին երկու բանախօսներն էին` ճրտգ. Վարուժան Առաքելեանը եւ Լիբանանի խորհրդարանի անդամ Յակոբ Բագրատունին: Ճրտգ. Վարուժան Առաքելեանն անդրադարձաւ Զարեհ կաթողիկոսի ազգանուէր գործունէութեանը, իսկ Յակոբ Բագրատունին` Խորէն կաթողիկոսի շինարար ու ազգանուէր գործունէութեան:

Իր խօսքին մէջ Յակոբ Բագրատունին ըսաւ. «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան աթոռի երկու հսկաներու վախճանման ամեակներու զուգադիպութիւնը կրնայ պատահական ըլլալ, բայց երկու ուխտակից եղբայրներու հաստատած ու ապրած մէկութիւնը երբեք»:

Ճրտգ. Վարուժան Առաքելեանը հետեւեալ տողերով սկսաւ իր արտայայտութիւնները. «18 փետրուարի 1963 թուական Պէյրութ-Անթիլիաս, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մայր տաճարի զանգերը առաւօտեան պահին դառնօրէն ղօղանջեցին հաղորդելով համայն ժողովրդին հայոց Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Հայրապետի Զարեհ Ա. կաթողիկոսի մահուան դառը գոյժը»:

Անդրադառնալով Զարեհ Ա. վեհափառի կենսագրական տուեալներուն, բարձր գնահատեց անոր պայքարունակ ու ազգային ոգին եւ աւելցուց, որ ան միշտ մնացած է ժողովուրդի հետ, ժողովրդական լայն ըմբռնումներ դրսեւորելով:

Աւարտին ներկաներուն խօսք ուղղեց Սրբազան Հայրը: Ան իր յուշերուն ճամբով վեր առաւ երկու երջանկայիշատակ վեհափառներուն անհատականութիւնը եւ կարեւորեց հետեւեալ հանգամանքը. «Այսօր երկուսի հոգիներն էլ ուրախութեամբ կը ցնծան ի տես այն երեւոյթին, որ սրանից 10 օր առաջ մեր եկեղեցու կեանքի մէջ պատահեց: Մի բան, որ նրանք իրենց կեանքի մէջ դրանց ջատագովն էին եւ ամէն առիթով հայ եկեղեցու միասնականութեան, Անթիլիաս-Էջմիածին համատեղ գործակցութեան կոչեր էին անում եւ հազար փառք Աստծուն, որ այդ իրենց աղօթքը վերեւից Աստուած լսեց: Երբ 10 օր առաջ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան երկու Վեհափառ Հայրապետների ներկայութեամբ, օրհնութեամբ եւ հովանաւորութեամբ հայ եկեղեցու ողջ եպիսկոպոսաց դասը ժողովի նստեց Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնում, ուր եւ քննարկեցին մեր եկեղեցու, մեր ժողովրդի եւ մեր հայրենիքի տագնապները»:

Դասախօսական Երեկոյ

Կազմակերպութեամբ Իրանի Հայ արհեստաւորներու միութեան 9 սեպտեմբերին, միութեան «Արամ Մանուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսական երեկոյ: Օրուան դասախօսն էր ազգային-հասարակական գործիչ Այվազ Գրիգորեան:

Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց միութեան վարչութեան նախագահ Հայրիկ Աւետեան: Ապա իրանահայ բանաստեղծ, ուսուցիչ Ալմին, որ աշակերտած է Այվազ Գրիգորեանին, ելոյթ ունենալով` ներկայացուց անոր կենսագրական տուեալները:

Այվազ Գրիգորեան իր ելոյթին մէջ խօսեցաւ սփիւռք-Հայաստան գործակցութեան, Հայաստանի երկքաղաքացիութեան, նաեւ տարբեր մարզերու մէջ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ ներդրումներ իրականացնելու ձեւերուն եւ անոր անհրաժեշտութեան մասին: Ան անդրադարձաւ նաեւ Հայաստանի ու Արցախի տնտեսական հարցերուն:

Գնահատագիր` Երաժիշտ–Խմբավար
Վարդան Վահրամեանին

Թաւրիզի քաղաքապետ Ալիռեզա Նովին, գնահատելով իր պաշտօնավարութեան շրջանին մշակութային գործիչներու բերած նպաստը, յատուկ գնահատագիր յղեց նաեւ Թաւրիզի եկեղեցիներու «Կոմիտաս» երգչախումբի երկար տարիներու երաժիշտ-խմբավար Վարդան Վահրամեանին:

Քաղաքապետ Նովին գնահատանքով արտայայտուեցաւ արուեստագէտին անխոնջ ծառայութիւններուն ու մանաւանդ քաղաքապետարանի մշակութային տարբեր ձեռնարկներուն անոր բերած մասնակցութեան մասին:

Սրբազան Պաշտպանութեան
Շաբթուան Առթիւ Հոգեհանգիստ

Սեպտեմբեր 27-ին, Նոր Ջուղայի Ս. Յովհաննու եկեղեցւոյ մէջ Սրբազան պաշտպանութեան շաբթուան առիթով տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն` պատերազմի տարիներուն Իրանի հողային ամբողջականութեան ճամբուն իրենց կեանքը նուիրաբերած նահատակներու հոգիներու խաղաղութեան համար:

Հոգեհանգստեան պաշտօնի ընթացքին յիշուեցան Իրան-Իրաք պարտադրեալ պատերազմի նահատակները, մասնաւորաբար թեմին նահատակուած զաւակներուն անունները, որոնց լուսանկարները տեղադրուած էին եկեղեցւոյ խորանին առջեւ:

Արարողութեան աւարտին Շահինշահրի հայ համայնքի հոգեւոր տեսուչ Անանիա վրդ. Գուճանեան անդրադառնալով Իրան-Իրաք պարտադրեալ պատերազմի ընթացքին զոհուած նահատակներուն` շեշտեց, որ անոնք մահը արհամարհելով` իրենց պարտքը մատուցեցին երկրի հողային ամբողջականութեան համար, աւելցնելով, որ անոնցմէ իւրաքանչիւրին սխրագործութիւնը պէտք է դառնայ մեզ առաջնորդող ուղի:

 

Վրաստան

Սայաթ Նովայի 300-ամեակին
Նուիրուած Համերգ

Սեպտեմբեր 25-ին Թիֆլիսի «Արթալ» համերգային սրահին մէջ տեղի ունեցաւ համերգ` նուիրուած Սայաթ Նովայի 300-ամեակին: Համերգին նպատակն էր Հայաստանէն դուրս հայաբնակ վայրերուն մէջ հնչեցնել հայ ժողովրդական երգն ու երաժշտութիւնը:

Համերգի աւարտին թեմի մշակոյթի բաժնի պատասխանատու եւ կեդրոնի համակարգողը շնորհակալական խօսքեր ուղղեց Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան, վիրահայոց թեմի առաջնորդին, «Հայարտուն» կեդրոնի բոլոր աշխատակիցներուն եւ բարերար Սօս Սահակեանի` համերգի կազմակերպման ցուցաբերած աջակցութեան համար: Պարուսոյց Լիանա Կաշաւանիծէ շնորհակալութիւն յայտնելով հայ երգը մայր հայրենիքէն դուրս տարածելու Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեան համար` Տարօն Շագոյեանին նուիրեց Թիֆլիսի Սուրբ Գէորգ հայկական եկեղեցւոյ պատկերով կտաւ եւ յուշանուէրներ` համերգի բոլոր մասնակիցներուն:

 

Քուէյթ

Քուէյթի Ազգային Վարժարանը
Պարգեւատրուեցաւ Զոյգ Գնահատագրերով

Քուէյթի Մասնաւոր վարժարաններու սեփականատէրերու արհմիութիւնը, Քուէյթի ազգային վարժարանը պարգեւատրեց պատուոգրով` վարժարանին ուսումնակրթական ծիրէն ներս արձանագրած յաջողութիւններուն  համար:

Քուէյթի ազգային վարժարանի 12-րդ աւարտական դասարանի աշակերտները վերջին չորս տարիներուն արձանագրած են հարիւր տոկոսի յաջողութիւն, որ աննախադէպ է քուէյթեան վարժարաններուն մէջ: Իսկ 2012-2013 ուսումնական տարուան աւարտին վարժարանէն երկու աշակերտներ պետական պարգեւի արժանացան իրենց արձանագրած բարձր արդիւնքներուն համար:

 

Յորդանան

Տոքթ. Գասպար Թաշճեանին Պարգեւատրումը

Սեպտեմբեր 9-ին, Յորդանանի առողջապահութեան նախարարը պարգեւատրեց Ամմանի մէջ Համաշխարհային օգնութեան խաչի ներկայացուցիչ` բժիշկ Գասպար Թաշճեանը, իր ծառայութեան աւարտին առթիւ:

Տոքթ. Գասպար Թաշճեան իր խօսքին մէջ նշեց Համաշխարհային օգնութեան խաչի ունեցած ներդրումը մարդկային իրաւունքներու եւ առողջապահական մարզերուն մէջ եւ անոնց տարած աշխատանքները` օգնելու կարիքաւոր հիւանդներուն:

 

Ֆրանսա

Հերման Աւագեանի «Պորն Աֆթըր Տեթ»
Ցուցահանդէսի Բացում

Սեպտեմբեր 19-ին Ֆրանսայի Ամիէն քաղաքի Պրիկեթրի մշակութային կեդրոնի ցուցասրահին մէջ Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպան Վիգէն Չիթեճեանի մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ լուսանկարիչ, բազմաթիւ մրցանակներու դափնեկիր Հերման Աւագեանի ցուցահանդէսին բացումը:

Հայաստանի անկախութեան 22-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու շարքին Հայաստանի դեսպանութեան աջակցութեամբ կազմակերպուած այս ցուցահանդէսը կը ներկայացնէ Հերման Աւագեանին հեղինակային «Պորն աֆթըր տեթ» դիմանկարներու շարքը, որուն հերոսները արցախեան հերոսամարտի ընթացքին զոհուած ազատամարտիկներու զաւակներն են, որոնք ծնած են իրենց մօր մահէն ետք:

Դեսպան Չիթեճեան իր խօսքին մէջ բարձր գնահատեց հեղինակին խաղաղութեան կոչի իւրօրինակ գաղափարը, աւելցնելով, որ լուսանկարներուն մէջ պատկերուած այս պատանիները, արցախեան ազատամարտին մէջ կորսնցնելով իրենց հայրերը, տակաւին կը շարունակեն ապրիլ «ոչ պատերազմի, ոչ խաղաղութեան» պայմաններուն մէջ:

Փարիզեան Արուարձանին Մէջ
Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերուն
Նուիրուած Յուշակոթողի Բացում

Սեպտեմբեր 21-ին Փարիզի Ռոքպրիւն սիւր Արժան արուարձանին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշակոթողին բացումը: Յուշակոթողին հեղինակն է ճարտարպետ Անդրանիկ Զաքարեան:

Բացման արարողութեան մասնակցեցան Ռոքպրիւն սիւր Արժանի քաղաքապետ Լիւք Ժուս, Ֆրանսայի խորհրդարանի երեսփոխան Վալերի Պուայէ, Հանրի Ժիպրայէլ, Ալան Մուան Փրեսան, Ֆրանսուա Ռոշպլուան, Կի Տեսյիէն եւ Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան ներկայացուցիչներ:

Գեղարուեստական բաժնով ելոյթ ունեցան Ֆապիէն եւ Լորանս Շանոյեան քոյրերը, որոնք մեկնաբանեցին Կոմիտասի երգերը:

 

Պրազիլ

Սան Փաւլօ Համալսարանին Մէջ Հայ
Երաժշտութեան Նուիրուած Դասախօսութիւն

 

Սեպտեմբեր 26-ին Հարաւային Ամերիկայի մեծագոյն եւ նշանաւոր Սան Փաւլօ համալսարանի հայագիտութեան ամպիոնի հովանաւորութեամբ համալսարանին մէջ կայացաւ հայ դասական երաժշտութեան զարգացման նուիրուած դասախօսութիւն:

Դասախօսութիւնը ներկայացուց Պէյրութէն հրաւիրուած տաղանդաւոր երիտասարդ դաշնակահար Տաթեւիկ Արթինեան:

Ներկայ էին համալսարանի դասախօսներ, պրազիլցի արուեստագէտներ, հայագիտութեան եւ այլ ամպիոններու բազմաթիւ ուսանողներ, ինչպէս նաեւ` պրազիլահայ համայնքի ներկայացուցիչներ, որոնք մեծ հետաքրքրութեամբ ունկնդրեցին շահեկան դասախօսութիւնը:

Այս լուրը փոխանցեց համալսարանի հայագիտական ամպիոնի ղեկավար Լուսինէ Եղիազարեանը:

 

Լեհաստան

Արմինէ Գրիգորեան Եւ Սոնա Բարսեղեան
Կ՛արժանանան Միջազգային Գնահատանքի

Վերջերս Լեհաստանի մշակոյթի նախարարը յատուկ շքանշանով պարգեւատրեց «Արամ Խաչատուրեան» տուն-թանգարանի տնօրէնուհի, «Արամ Խաչատուրեան» եռեակի անդամ, անուանի դաշնակահարուհի Արմինէ Գրիգորեանը` լեհական երաժշտութեան զարգացման ու տարածման բերած կարեւոր նպաստին համար:

Սոնա Բարսեղեան` Արմինէ Գրիգորեանին դուստրը, անցեալ շաբաթ Գերմանիոյ Աախըն քաղաքին մէջ տեղի ունեցած դաշնամուրի միջազգային «Ամատէօ» մրցոյթին շահեցաւ  առաջին մրցանակը: Մրցոյթին մասնակցած էին 33 դաշնակահարներ` 15 երկիրներէ:

 

Չեխիա

Հայկական Երեկոյ

Հովանաւորութեամբ Չեխիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան եւ Փրակա 6-ի քաղաքապետարանի,  կազմակերպութեամբ «ՊՈՐՏէ» հասարական կազմակերպութեան եւ «ՕՐԵՐ» եւրոպական անկախ ամսագիրի, 17 սեպտեմբերին, Աւագներու ակումբի համար նախատեսուող ձեռնարկներու շրջագիծէն ներս Փրակայի Հրատչանի թաղամասի Փիսեցքա Պրանա մշակութային կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ հայկական երեկոյ:

Պորտէ կազմակերպութեան անունով ելոյթ ունեցաւ ղեկավար Վլատանա Ռիտլովա, ապա Վարինէ Մկրտիչեան եւ Վահէ Ասատրեան ներկայացուցին Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի մասին տեղեկատուական տեսաշար: Խօսք առին նաեւ Փրակա 6-ի փոխքաղաքապետ Փեթր Այեպուա եւ Հայաստանի դեսպան Տիգրան Սէյրանեան:

Ձեռնարկին ընթացքին գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր:

 

Թոքիօ

«Իթց Արմենիա» Սեմինարը

Կազմակերպութեամբ Հայաստանի դեսպանութեան, 13 սեպտեմբերին Թոքիոյի մէջ տեղի ունեցաւ «Իթց Արմենիա» խորագրով սեմինար:

Դեսպան Հրանդ Պօղոսեան իր ելոյթին մէջ ներկայացուց հայ-ճափոնական յարաբերութիւնները, իրականացուող աշխատանքներն ու գործակցութեան խտացման հնարաւորութիւնները:

Այնուհետեւ «Էս. Էս. Այ. Էս.» կազմակերպութեան նախագահ Ցուգիօ Մաքիմոթօ, խօսեցաւ կիսահաղորդիչներու արդիւնաբերութեան զարգացման ուղիներու, իր գործունէութեան ընթացքին ձեռք բերած փորձին եւ յաջողութեան հասնելու սկզբունքներուն մասին:

Սեմինարին զեկուցողները ներկայացուցին Հայաստանի Տաւուշի մարզի առանձնայատկութիւնները, վերջին 20 տարուան մէջ իրագործուած ծրագիրները, համագործակցութեան եւ ներդրումային հնարաւորութիւնները, Հայաստանի մէջ արդէն իսկ յաջողութեամբ գործունէութիւն ծաւալած ընկերութիւններուն փորձը եւ ոլորտի զարգացման ուղղուած յառաջիկայ աշխատանքները:

 

Միացեալ Նահանգներ

Մաշտոց Քոլեճին Ձեռնարկը` Նուիրուած
Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի Ծննդեան
1650-
ամեակին

Կազմակերպութեամբ  Մաշտոց քոլեճի, 13 սեպտեմբերին Կլենտէյլի հանրային գրադարանի սրահին մէջ նշուեցաւ Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի ծննդեան 1650-ամեակը, ինչպէս նաեւ տեղի ունեցաւ վերջերս հրատարակուած Յովսէփ Նալպանտեանի «Մեսրոպ Մաշտոց Մեծասքանչը» գիրքին շնորհահանդէսը:

Բացման խօսքը արտասանեց  ազգային ու մշակութային գործիչ, հեղինակ, Մաշտոց քոլեճի հիմնադիր-նախագահ տոքթ. Կարպիս Տէր Եղիայեան: Ան շեշտեց ընտանիք-եկեղեցի-դպրոց ազգային եռանկիւնին անփոխարինելի դերը` ազգակերտումի անյետաձգելի եւ վեհ առաքելութեան մէջ: Այս երեք կառոյցներուն վիճակուած է յոյժ կարեւոր դեր` մեր ոսկեղնիկ լեզուի պահպանութեան, արմատացման, ուռճացման եւ բիւրեղացման մէջ:

Փրոֆ. Արտեմ Սարգիսեան խօսք առնելով  յայտնեց, թէ Յովսէփ Նալպանտեանի երկարամեայ մեղուաջան ու հետեւողական աշխատանքին արդիւնքն է 334 հեղինակներու չափածոյ եւ արձակ ստեղծագործութիւնները ի մի բերող, Մեսրոպ Մաշտոցի, անոր կատարած սքանչելի գործի ու արարչագործութեան մասին եղած սոյն հրաշալի իրագործումը:

Գրականագէտ, բանաստեղծ եւ մշակոյթի գործիչ Գէորգ Քրիստինեան խօսեցաւ Մեսրոպ Մաշտոցին մասին: Ան ըսաւ, որ Մեսրոպ Մաշտոցը իր հանճարեղ գործով ծնաւ հայ գրականութիւնը, կրօնական ու աշխարհիկ բանաստեղծութիւնը, շարականները, հայրէնները, աւելցնելով, որ Մաշտոցը գրական հայրն է մեր բոլոր հանճարեղ բանաստեղծներուն

Գրականագէտ, մատենագէտ, թարգմանիչ, հրապարակագիր, 12 հատորներու հեղինակ-հրատարակիչ Յովսէփ Նալպանտեան խօսեցաւ իր խմբագրած, կազմած եւ հրատարակած հատորին մասին, նաեւ անդրադարձաւ հայ գիրքի արժէքին եւ կարեւորութեան մասին:

Աւարտին  տոքթ. Կարպիս Տէր Եղիայեան «Պատուոյ գիր»-ով գնահատեց գաղութի վաստակաշատ մտաւորականներ`  Ժագ Ս. Յակոբեանը, Թորգոմ Փոստաճեանը, Կարօ Պետրոսեանը, Մայք Եուսուֆեանը, Հենրիկ Անասեանը, Գէորգ Քրիստինեանը եւ Յովսէփ Նալպանտեանը, որոնք երկար տարիներ եղած են թէ՛ դաստիարակներ եւ թէ՛ հեղինակներ. անհատներ, որոնք հայ մշակոյթին իրենց նուիրումով եւ զոհողութեամբ օրինակ հանդիսացած են շատերու:

Ձեռնարկին ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES