Այլազան (Շար.). Հարսանեկան Նախապաշարումներ Հաւատա՞լ, Թէ՞ Ոչ

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Եթէ հարսանիքին օրը ուժեղ քամի փչէ, ուրեմն զոյգերուն կեանքը «փոթորկոտ» պիտի ըլլայ:

***

Եթէ անձրեւ կամ ձիւն տեղայ, երջանիկ պիտի ըլլան:

***

Որպէսզի նորապսակները դրամական դժուարութիւններ չունենան, փեսան հարսանիքի օրը պէտք է իր աջ ոտքի կօշիկին մէջ մետաղէ դրամ դնէ, ապա զայն կը պահէ որպէս ընտանեկան մասունք:

***

Ե՛ւ փեսային, ե՛ւ հարսին հագուստին պէտք է ապահով ասեղ ամրացնել` գլխիկը դէպի վար. անիկա զոյգը կը պաշտպանէ չար աչքերէն: Ապահով ասեղը պէտք է ամրացնել աննկատ տեղ մը:

***

Հարսանեկան զգեստը պէտք չէ ծախել, զայն պէտք է պահել ամբողջ կեանքի ընթացքին, որպէսզի ամուսնութիւնը պահպանուի:

***

Հարսանեկան հագուստը փորձելու չեն տար ոեւէ մէկուն, ո՛չ քրոջ, ո՛չ ընկերուհիին, նոյնիսկ ամուսնութենէն ետք:

***

Պէտք չէ, որ հարսանեկան զգեստը ծունկէն վեր ըլլայ. որքան հագուստը երկար ըլլայ, այնքան երկար կ՛ըլլայ համատեղ կեանքը:

***

Հին կօշիկը հարսին յաջողութիւն կը բերէ. այդ իսկ պատճառով խորհուրդ կը տրուի հարսանիքէն երկու օր առաջ գործածել նոր կօշիկները:

***

Գինին նորապսակներու բաժակներուն յատակին պէտք չէ մնայ, ատիկա այլեւս գինի չ՛ըլլար, այլ` արցունքներ:

***

Եթէ հարսին զգեստը պատռուի, կը նշանակէ, որ բաւական դաժան կեսուր մը պիտի ունենայ:

 

Այլազան

Հայ Երեխաները Եւ Պատկերասփիւռը

Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը (ԱՀԿ) հրապարակած է տարբեր երկիրներու երեխաներու` պատկերասփիւռի առջեւ անցուցած ժամանակի տուեալները: Պարզուած է, որ հայ եւ իսրայէլացի երեխաները պատկերասփիւռի առջեւ շատ աւելի երկար ժամանակ կ՛անցընեն, քան` արեւմտեան երկիրներու իրենց հասակակիցները:

Հոսկէ մեկնելով` հոգեբան Կարինէ Նալչաջեան կը կատարէ հետեւեալ մատնանշումները:

«Եթէ երեխաները պատկերասփիւռ կը դիտեն, ատոր մէջ որեւէ վատ բան չեմ տեսներ, որովհետեւ պատկերասփիւռը որոշակի մշակոյթ կը պարունակէ իր մէջ: Բայց հոս հարցը այն է, որ ի՞նչ կը մատուցէ պատկերասփիւռը երեխաներուն: Եթէ երեխաները հնարաւորութիւն ունին իսկապէս զարգացնող հաղորդումներ դիտելու, ըսելիք չկայ: Սակայն սկսելով ծանուցումներէն եւ հասնելով հաղորդումներուն (անշուշտ որոշակի բացառութիւններ կան), ըստ էութեան, իրենց բովանդակութեամբ չեն ձգեր, որ երեխային մտային զարգացումը յառաջդիմէ»:

«Մեր պատանիներուն եւ երիտասարդներուն խօսակցութիւնը աղքատ հայերէնով պատկերասփիւռային խօսք է: Եթէ մօտաւորապէս 10 տարի առաջ մենք կը խօսէինք պատկերասփիւռի հաղորդումներու թերութիւններուն մասին, կարծես թէ բոլորը կ՛ընդունէին եւ ըմբռնումով կ՛ընկալէին, բայց այսօր արդէն կը հանդիպիս դիմադրութեան: Կ՛ըսեն` արհեստական է գրական լեզուն, մարդիկ չեն հասկնար եւ այլն…

 

«Ինչ կը վերաբերի հայ եւ իսրայէլացի երեխաներուն, ըսեմ, որ ընդհանրապէս պատկերասփիւռ դիտել` կը նշանակէ որոշ տեղեկութիւն ստանալ, խորասուզուիլ նիւթի մը մէջ: Ըստ երեւոյթին, իսրայէլացի եւ հայ երեխաները իրենց բնոյթով հետաքրքասէր են եւ առաւելագոյն չափով տեղեկութիւն հաւաքելու ցանկութիւն ունին: Բայց նայած, թէ ո՛ւր կը տանի այդ կլանուող տեղեկութիւնը, անիկա կրնայ առաջնորդել դէպի զարգացում եւ կամ` մտքի եւ խօսքի աղքատութիւն»:

 

Ինչպէ՞ս Հին Թի-Շըրթ Մը Փէշի Վերածել

 

 

Եթէ ձանձրացած էք ձեր երկար թեւով թի-շըրթէն, բայց եւ այնպէս անիկա որակաւոր է կամ գեղեցիկ, մի՛ նետէք զայն, ոչ ալ ուրիշին տուէք: Ինչպէս նկարը ցոյց կու տայ, վերածեցէք կարճ փէշի մը` թեւերը մէջքին շուրջ փաթթելով եւ ժապաւէնի ձեւով հանգուցելով:

Անգործածելին մի՛շտ ալ գործածելի է:

 

 

 

 

 

Խոհագիր

Խնձորով Անուշեղէն

Բաղադրութիւն

7 խնձոր
100 կրամ կարագ
5 սուրճի գաւաթ մանր չամիչ
Պտղունց մը վանիլա
Կասիա (ըստ ճաշակի)
Ռոմ կամ քոնեաք 2 ապուրի դգալ
7 ապուրի դգալ շէկ շաքար

Պատրաստութիւն

Փուռը տաքցնել 180 ջերմաստիճանով:

Խնձորները կեղուել, միջուկները պարպել եւ շարել ափսէի մը մէջ եւ կեդրոնը լեցնել չամիչները, քիչ մըն ալ` ափսէին մէջ:

Կաթսայի մը մէջ խառնել հալած կարագը, վանիլան շաքարը, կասիան եւ խմիչքը: Այս խառնուրդին մէկ մասով առատօրէն ծեփել խնձորները եւ փուռին մէջ եփել շուրջ կէս ժամ:

Եփի ընթացքին մերթ ընդ մերթ աւելցած խառնուրդով ծեփել խնձորները եւ շարունակել եփել, մինչեւ որ անոնք քարամելի տեսք ստանան:

Հրամցնել գաղջ վիճակի մէջ, երեսը զարդարել մանրուած ընկոյզով:

 

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Գրիչները

Բայց ովքե՞ր են այս մարդիկ,
Ճանաչո՞ւմ ենք մենք նրանց,
Որոնք ապրել են ընդմիշտ խրճիթի պէս աներդիկ,
Իրենց խոնաւ խուցերի Խոր-Վիրապում անթափանց,
Որոնք-ոգո՜ւ սիւնարձան – լոյսի, կեանքի եւ մի պարզ
Յիշատակի ի խնդիր
Կոճղերն իրենց կռնակի դէմ են տուել հանապազ
Հայ դպրութեան քիւերին, խոյակներին ծանրադիր,
Որոնք յօտել են եղէգ եւ սագի մէ՛կ փետուրով
Ջերմացրել են ձմեռներ, հովհարել շոգը մրկիչ,
Նոյնացե՜լ են նրանց հետ եւ մեզ թողել իրօք
Մէ՛կ դէմք միայն` եղէգնեայ ու փետուրէ մի գրիչ:

Երէների մի խուճապ եղել է կեանքը նրանց,
Երբ հազիւ է ընկնում դեռ
Անտառների մէջ մի խանձ,
Երբ քերծէներ սրադունչ լարում են թափ ու դնդեր:
Առաջին նետը նրա՛նց թիրախուել է շարունակ:
Ուստի իրենց ձորձին տակ սեղմած մատեանն անաւարտ
Ու տակաւին երկու շիթ գղթորահոտ սեւ թանաք,
Ասպնջական սրտերի ծեծելով դուռն ու հաւատ,
Որոնց ետին մերթ ոտքի
Եւ մերթ փռած ծնկների յօդացաւին ձիրք ու գիրք`
Նրանք` տրուպ, ապիկար, խաւարամիտ, փանաքի,
Մեզ Մեսրո՛պ են մատուցել-յիշատակի՜կ սակաւիկ…:

ԱԲՐԱՀԱՄ ԱԼԻՔԵԱՆ

(Հատուած)

Share this Article
CATEGORIES