Արուեստի Աշխարհէն. Չեխով Կարդացէք
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ
ԼԱՒ ԳԻՐՔ ՄԸ ԿԱՐԴԱԼԸ Կ՛ԱՐՁԱԳԱՆԳԷ ԲԱՌԵՐԷՆ ԱՆԴԻՆ ԵՒ ՄԵԶ Կ՛ԱՌԱՋՆՈՐԴԷ ԴԷՊԻ ՀԱՍԱՐԱԿԱՑ ՄԱՐԴԿԱՅՆՈՒԹԵԱՆ ԴԱՇՏ ՄԸ: ՀՈԳԵԲԱՆՆԵՐ ԿԸ ՅԱՆՁՆԱՐԱՐԵՆ ԿԱՐԴԱԼ ԵՐԵՒԱԿԱՅԱԿԱՆ ԳՐԱԿԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆՆԵՐ` ԶԱՐԳԱՑՆԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԱՒԵԼԻ ԼԱՒ ԿԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ: «ՏԸ ՆԻՒ ԵՈՐՔ ԹԱՅՄԶ» ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԷ ԱՅՍ ԾԻՐԻՆ ՄԷՋ 5 ՓՈՐՁԱՐԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՀԻՄԱՄԲ ԿԱՏԱՐՈՒԱԾ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՄԸ ՀԵՏԱՔՐՔՐԱԿԱՆ ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐԸ:
Պահ մը երեւակայեցէք, թէ ժամադրութիւն մը ունիք անծանօթ անձի մը հետ կամ պիտի ներկայանաք հարցազրոյցի մը` գործի դիմումնագիր մը յղելէ ետք: Ի՞նչ պէտք է ընէք: Յայտնապէս պատշաճ արդուզարդի կողքին պէտք է նաեւ կարդաք, սակայն` ոչ որեւէ բան, այլ` Չեխովի մէկ գործը, կամ` Ալիս Մունրոյի, որոնք պիտի օգնեն ձեզի` նաւարկելու դէպի ընկերային նոր դաշտ մը, շատ աւելի յաջող արդիւնքով, քան` եթէ դիմէիք Տանիել Սթիլի մէկ վէպին:
Այսպէս կ՛եզրակացնէ ուսումնասիրութիւն մը, որ վերջերս հրատարակուած է «Սայընս» թերթին մէջ: Անիկա ի յայտ բերած է, թէ ի տարբերութիւն ժողովրդականութիւն վայելող երեւակայական պատմութիւններու կամ լուրջ մակարդակի ոչ երեւակայական նիւթերու` երեւակայական գրական պատմութիւններ կարդալը կը նպաստէ, որ մարդիկ աւելի լաւ արդիւնքներ արձանագրեն կարեկցանքի, ընկերային հասկացողութեան եւ զգացական իմաստութեան կարողութիւնները չափող քննութիւններու մէջ: Կարողութիւններ, որոնք անհրաժեշտ են, երբ կը փորձենք հասկնալ այլոց մարմնին շարժուձեւերը կամ կռահել, թէ ի՛նչ կը մտածեն անոնք:
Ուսումնասիրողներուն համաձայն, պատճառը այն է, որ երեւակայական գրական պատմութիւնները յաճախ կը խթանեն մեր երեւակայութիւնը եւ կը մղեն, որ գաղափարներ կազմենք տիպարներու մասին եւ զգայուն դառնանք զգացական նրբութիւններու եւ բարդութիւններու նկատմամբ:
«Ճիշդ այս պատճառով կը սիրեմ գիտութիւնը,- կ՛ըսէ Լուիզ Էրտրիք, որուն «Տը ռաունտ հաուս» վէպը օգտագործուած է ուսումնասիրութեան ընթացքին կատարուած փորձարկութիւններուն մէջ:- Ուսումնասիրողները յայտնաբերած են ձեւ մը` ապացուցելու երեւակայական գրական պատմութիւններու անտեսանելի բարիքները»:
«Փառք Աստուծոյ, որ ուսումնասիրութիւնը ի յայտ չբերաւ, թէ վէպերը կը վատթարացնեն ակռայի փտախտը կամ կը խցեն երակները», կ՛աւելցնէ ան:
Ուսումնասիրողները Նիւ Եորք քաղաքին Նիւ սքուլ ֆոր սոշըլ ռիսըրչ կեդրոնին մէջ աշխատող ընկերային հոգեբաններ են, որոնք վճարովի մասնակցողներ ընտրած են ընթերցանութեան անսպառ նիւթ մատակարարող Amazon.com. կայքին միջոցով` մէկտեղելու համար իրարմէ շատ աւելի տարբեր ընթերցողներ, քան` ինչ որ սովորաբար կը կատարուի ուսումնասիրութիւններու առիթով, երբ կը դիմուի գլխաւորաբար համալսարանի ուսանողներու:
Ուսումնասիրութիւնը բաղկացած է 5 մասերէ: Իւրաքանչիւրին համար ընտրուած են 18-75 տարեկան անձեր: Իւրաքանչիւրը 2 կամ 3 տոլար ստացած է քանի մը վայրկեան կարդալու համար: Ոմանք կարդացած են հատուածներ` մրցանակներու արժանացած երեւակայական գրական գործերէ, ուրիշներ` լաւագոյն վաճառք արձանագրած վիպերգական գիրքերէ կամ գիտաերեւակայական պատմութիւններէ:
Փորձարկութեան մը ընթացքին ընթերցողներու թելադրուած է կարդալ ոչ երեւակայական պատմութիւն մը: Հակասութեան առաւելագոյն մակարդակ մը քննելու նպատակով` ուսումնասիրողները ընտրած են ոչ երեւակայական այնպիսի գործեր, որոնք լաւ գրուած են, սակայն գրական գործեր չեն, ոչ ալ կը վերաբերին անձերու: Օրինակ, անոնք ընտրած են «Սմիթսոնիըն» թերթին մէջ լոյս տեսած նիւթ մը` «Ինչպէ՛ս գետնախնձորը փոխեց աշխարհը» վերնագիրով:
Կարդալէ ետք, կամ` կարգ մը պարագաներու ոչինչ կարդալէ ետք, մասնակցողները ներկայացած են համակարգչային քննութիւններու, որոնք կը չափեն զգացումներ հասկնալու, այլոց ակնկալութիւնները նախատեսելու կամ որոշ կացութեան մը մէջ` այլոց համոզումները կռահելու կարողութիւնները: Քննութիւն մը յատկացուած էր միայն հետեւեալ նպատակին. «Միտքը կարդալ աչքերուն մէջ»: Մասնակցողները դիտած են զոյգ մը աչքեր պատկերող 36 լուսանկարներ եւ 4 ածականներու շարքէ մը ընտրած են, այն ածականը, որ լաւագոյն ձեւով կը նկարագրէր իւրաքանչիւրին արտայայտած զգացումը:
Արդեօք մշուշոտ աչքերով կինը սարսափա՞ծ է, թէ՞ երկմիտ: Արդեօք այն տղամարդը, որ աչքերը կկոցած է, կասկածո՞տ է, թէ՞ անկարող որոշում մը կայացնելու: Արդեօք այս կինը հետաքրքի՞ր է, թէ՞ ջղագրգիռ, դիւրահա՞ճ է, թէ՞ թշնամական: Արդեօք այս տղամարդը կ՛երազէ՞, թէ՞ յանցանքի զգացում մը ունի, տիրակա՞ն է, թէ՞ ահաբեկ:
Նորութիւն չէ այն գաղափարը, թէ ինչ որ կը կարդանք կրնայ իր ներգործութիւնը ունենալ ընկերային եւ զգացական մեր կարողութիւններուն վրայ: Նախապէս կատարուած ուսումնասիրութիւններ կապ մը յայտնաբերած են որոշ տեսակի ընթերցումներու եւ կարեկցանքի կամ զգայնութեան միջեւ: Վերջերս «ուղեղի տեսութիւն» կոչուած մարզի մը մէջ գիտնականներ օգտագործած են զգացական խելացութիւնը չափող քննութիւններ` ուսումնասիրելու համար օրինակ` օթիզմէ (հաղորդակցելու հոգեբանական անկարողութիւն) տառապող մանուկները:
Սակայն հոգեբաններ եւ այլ մասնագէտներ կ՛ըսեն, թէ նոր ուսումնասիրութիւնը շատ աւելի հզօր է, որովհետեւ ի յայտ բերած է ուղղակի ներգործութիւն մը, զոր կարելի է չափել` քանի մը վայրկեան գրականութիւն կարդալէ ետք մասնակցողներուն տուած ճիշդ եւ սխալ պատասխաններուն հիմամբ:
«Իրապէ՛ս յատկանշական է այս արդիւնքը,- կ՛ըսէ եղափոխական հոգեբանութեան մասնագէտ Նիքըլըս Համֆրի, որ յաճախ գրած է մարդկային խելացութեան մասին, եւ որ այս ուսումնասիրութեան հեղինակներէն մէկը չէ:- Հրաշալի է 3 -5 վայրեկան կարդալէ ետք մէկտեղուած արդիւնքը»:
Համֆրի, որ պատուոյ դասախօս է Քէյմպրիճի Տարուին քոլեճին մէջ, զարմանալի չի նկատեր այն եզրակացութիւնը, թէ ընթերցողներ ընդհանրապէս աւելի կարեկցող եւ հասկցող անհատներ են, «սակայն երեւակայական գրական պատմութիւնները առանձնացնելու եւ ընթերցանութեան այլ նիւթերու բաղդատած` անոնց տարբեր ներգործութիւնները ի յայտ բերելու այս մօտեցումը իրապէս յատկանշական է», կ՛ըսէ ան:
Մասնագէտներու համաձայն, արդիւնքները ցոյց կու տան, թէ կրնանք կարդալով զարգացնել մեր ընկերային կարողութիւնները, ինչպէս` կարեկցանքի զգացողութիւնը, այնպէս` ինչպէս տխուր ժապաւէնի մը մէկ տեսարանը դիտելով կը յուզուինք:
«Այս մարդիկը կատարած են ոչ թէ մէկ, այլ 5 քննութիւններ, եւ հասած են նոյն արդիւնքներուն», կ՛ըսէ Թորոնթոյի համալսարանէն իմացական հոգեբանութեան մասնագէտ Քիթ Օթլի:
Ուսումնասիրողները` հոգեբանութեան դասախօս Էմանուէլ Քասթանօ եւ տոքթորայի թեկնածու Տէյվիտ Քոմըր Քիտ ի յայտ բերած են, թէ այն մասնակցողները, որոնք երեւակայական գրական պատմութիւններ կարդացած են, շատ աւելի լաւ նիշեր արձանագրած են, քան անոնք, որոնք կարդացած են ժողովրդականութիւն վայելող երեւակայական պատմութիւններ, անկախ այն իրողութենէն, թէ անոնք այնքան ալ չեն սիրած իրենց կարդացած գրական գործերը: Իսկ ժողովրդականութիւն վայելող պատմութիւններ ընթերցողները նոյնքան սխալներ գործած են, որքան անոնք, որոնք որեւէ բան չեն կարդացած:
Այսուհանդերձ, ուսումնասիրութիւնը ցոյց չի տար, թէ այս տեսակի նիւթեր կարդալու ներգործութիւնը որքա՛ն կը տեւէ: Արդեօք 3 ամիս Չարլզ Տիքընզ եւ Ճէյն Օսթըն կարդալէ ետք ներգործութիւնը աւելի հզօ՞ր կը դառնայ, կը նուազի՞, թէ՞ կ՛անհետանայ: Արդեօք նիշերու տարբերութիւնները կախեալ են ընթերցանութեան նիւթի տեսակէ՞ն: Արդեօք արդիւնքները անփոփո՞խ կը մնան, երբ անձ մը կը կարդայ ամէն տեսակ գրականութիւն: Արդեօք ներգործութիւնը տարբե՞ր պիտի ըլլար, եթէ ուսումնասիրութեան մասնակցած անձերուն կարդացած երեւակայական գրական պատմութիւնը դժուար ընկալելի գործ մը ըլլար (մասնակցողներէն ոչ մէկուն առաջարկուած է կարդալ Ճէյմս Ճոյս):
Ուսումնասիրութեան հեղինակները եւ ակադեմական հոգեբաններ կ՛ըսեն, թէ նոր կատարուած յայտնաբերումները պէտք է նկատի առնուին կրթական մշակներու կողմէ, որոնք կը պատրաստեն կրթական ծրագիրներ եւ դասանիւթերու ցանկեր:
«Անկեղծօրէն համաձայն եմ ուսումնասիրութեան արդիւնքին,- կ՛ըսէ Ալպըրթ Ուենտլենտ, որ Սեթըն Հիլ համալսարանին մէջ կը գլխաւորէ երեւակայական գրական պատմութիւններ գրելու ծրագիր մը:- Այլոց կեանքին մասին զգայուն եւ երկարաշունչ հետազօտութիւններ կարդալը համազօր է բառին բուն իմաստով ինքզինքդ այլ անձի մը վիճակին մէջ դնելու: Վիճակներ, որոնք շատ աւելի դժուար են, շատ աւելի բարդ եւ կը պարունակեն ժողովրդականութիւն վայելող երեւակայական պատմութիւններէ շատ աւելին: Տրամաբանական է, որ կատարուին նման եզրայանգումներ, որոնք կ՛ըսեն, թէ նման գործեր կ՛առաջնորդեն կարեկցելու այլոց եւ հասկնալու զանոնք»:
«Թերեւս ժողովրդականութիւն վայելող երեւակայական պատմութիւնները աւելի կապ ունին ինքզինք հասկնալու հետ, հասկնալու` սեփական կարիքները, ցանկութիւնները», կ՛աւելցնէ ան:
Իսկ Քիտ կը բացատրէ. «ժողովրդականութիւն վայելող երեւակայական պատմութիւններու մէջ հեղինակը իր հակակշիռին տակ կը պահէ ամէն ինչ, եւ ընթերցողին դերը կրաւորական է, մինչդեռ Տոստոյեւսքիի նման գրագէտի մը գործերուն մէջ հեղինակաւոր մէկ անձի տիրապետող ներկայութիւն չկայ: Իւրաքանչիւր տիպար կը ներկայացնէ իրականութեան տարբերակ մը, եւ պայման չէ, որ ապաւինինք անոր: Մենք իբրեւ ընթերցող կը մասնակցինք տուեալ վիճարկութեան, ինչպէս կ՛ակնկալուի նաեւ իրական կեանքի մէջ»:
Քասթանօ կ՛աւելցնէ. «Կը թուի, թէ ժողովրդականութիւն վայելող երեւակայական պատմութիւնները աւելի կեդրոնացած են դիպաշարի վրայ, անոնց տիպարները փոխարինելի են եւ շատ աւելի նախատիպարային` իրենց նկարագրութեամբ»:
Ուսումնասիրութեան հեղինակը` Էրտրիք «անձնապէս ուրախ կը զգայ» արդիւնքով:
«Գրագէտները սովորաբար մարմաջով մը համակուած առանձին անձեր են, մանաւանդ` գրական գործերու հեղինակները: Լաւ է լսել, թէ ինչ որ կը գրենք ընկերային արժէք մը կը ներկայացնէ,- կ՛ըսէ ան:- Այսուհանդերձ, պիտի շարունակէի գրել, նոյնիսկ եթէ վէպերը ոչ մէկ օգտակարութիւն ունենային»:

