50 Տարի Առաջ (11 Հոկտեմբեր 1963)
Հայկական Կեանք
Արուեստի Աշխատանոց
Կիւվտեր
Լիբանանի կրթութեան նախարար Քամել Ասատի բարեհաճ արտօնութեամբ, Պէյրութի մէջ, առաջին անգամ ըլլալով, լիբանանահայ նկարիչ Ճոն Կէօվտէրէլեան հոկտեմբեր 14-ին, բացումը պիտի կատարէ իր «Արուեստի աշխատանոց Կիւտվեր» դպրոցին, որ կը գտնուի Ժոմպլաթ կայարան, Տաուք պողոտայ, Փափազեան շէնքին վերի յարկը:
Հայու յատուկ մեծ զոհողութիւններով եւ արուեստասէրի անշահախնդիր նուիրումով լուրջ ձեռնարկ մըն է մէջտեղ բերուած գործը:
Կիւվտեր արուեստի աշխատանոցին մէջ նկարչութեան արուեստը պիտի դասաւանդուի իր բոլոր երեսներով:
Ճոն Կէօվտէրէլեան, բնիկ ատանացի, իր նախնական կրթութիւնը ստացած է Ս. Նշան ազգային բարձրագոյն վարժարանին մէջ. երկրորդական ուսումը Յիսուսեան հայրերու քոլեճին մէջ. ութ տարի գտնուած է Փարիզ եւ հետեւած` Արուեստի վարժարանի դասընթացքներուն:
1957-ին, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի նկարիչներու ցուցահանդէսին մասնակցած է եօթը իւղաներկ նկարներով եւ շահած` առաջին մրցանակը:
1958-ին Իտալական էնսթիթիւի ցուցահանդէսին ձեռք բերած յաջողութեան համար ուղարկուած է Իտալիա, մէկուկէս տարուան համար, Հռոմ, Ֆլորանս եւ Վենետիկ, կատարելագործելու համար իր արուեստը:
Իտալական էնսթիթիւի մէջ երկու տարի նկարչութեան ուսուցիչ եղած է:
Անթիլիասի մատենադարանին մէջ եւ Էշրեֆիէի Շարիթիէ եկեղեցիին մէջ ունի արուեստի գործեր:
Տէր Եւ Տիկին Քարլ Մայըր
Մեկնեցան Զուիցերիա
Կուրանոցի ներկայ տնօրէն Փիթըր Պրաունշուայկ կը գրէ մեզի.-
Սեպտեմբեր 30, 1963-ին, տէր եւ տիկին Քարլ Մայըր կուրանոցի տնօրէնի իրենց պաշտօնը ձգելով` մեկնեցան Զուիցերիա: Երեսունհինգ երկար տարիներու բոլորանուէր գործունէութեան գնով է, որ անոնք այս հանգիստին արժանացան:
Մայըր Զուիցերիական հայասէրներու միութեան գործին միացած էր 1928-ին ու եկած` Ղազիր, ուր կուրանոցը կը գտնուէր այն ատեն: Հոն գործի սկսաւ արհեստանոցի բաժնին որպէս տեսուչ: 1931-ին ամուսնացաւ Մարթա Վասմըրի հետ, որ ամենայն հաւատարմութեամբ իրեն օժանդակեց մինչեւ վերջը: 1939-ին տէր եւ տիկին Մայըրներ Պէյրութ փոխադրուեցան` քաղաքին մէջ գտնուող աչազուրկներուն աշխատանոց մը հիմնելու մտադրութեամբ: Սակայն Բ. Աշխարհամարտը այս ծրագիրին արգելք հանդիսացաւ դժբախտաբար: Բայց եւ այնպէս ուրիշ կենսական գործ մը զիրենք Հալէպ կանչեց, ուր գործեցին պատերազմի ընթացքին:
1946-ին, հայրենիքի մէջ իրենց ունեցած արձակուրդէն ետք, դարձեալ Լիբանան վերադարձան` ստանձնելու համար կուրանոցի տնօրէնութեան պաշտօնը, որ այն ատեն Ղազիրէն Պուրճ Համուտ փոխադրուած էր: Այս պատասխանատու գործը անձնուիրաբար եւ անխոնջ կերպով կատարեցին մինչեւ իրենց մեկնումը:
Վերջին տարիներուն հաստատութիւնը հիմնովին բարեփոխուեցաւ շէնքերու վերաշինութեանց շնորհիւ: Կուրանոցին անդամները ընտանիքի մը պէս կապուեցան:
Անոնց մեկնումէն առաջ, կիրակի սարքուած է հրաժեշտի երեկոյ մը, որուն ընթացքին աչազուրկ Զարուհի Աղէկեան կարդացած է ինքնագիր զգայուն ոտանաւոր մը` յայտնելով կուրանոցի բոլոր պատսպարեալներու երախտագիտութիւնը մեկնող հայասէրներուն, որոնք իբրեւ իսկական «հայրիկ» եւ «մայրիկ»` այնքան թանկագին ծառայութիւններ մատուցած են աչազուրկ հայորդիներուն:

