Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Եթէ թիւրիմացութիւն մը ստեղծուած է ձեր եւ ձեր մէկ բարեկամին միջեւ, հասկացողութեան զրոյց մը ունեցէք, որպէսզի իրարու նկատմամբ անհամ տրամադրութիւն չունենաք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Պետական հարցերու վերաբերեալ ձեր թղթածրարը կարգաւորեցէք: Անփոյթ մի՛ ըլլաք պաշտօնական գործառնութեանց վերաբերեալ ձեր պարտականութեան նկատմամբ:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ձեր աշխատանքին պտուղը պիտի քաղէք մօտ օրէն: Պիտի ունենաք հոգեկան բաւարարութիւն եւ խղճի հանդարտութիւն: Պիտի վարձատրուիք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Մի՛ կարծէք, որ ամէն մարդ ձեզի պէս կը մտածէ նոյն հարցերու շուրջ: Համբերութեամբ մտիկ ըրէք ձեր խօսակիցին ըսածները` առանց պատասխանելու դրական կամ ժխտական լեզուով: Լռութիւնը ոսկի է, գիտէք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Եթէ ոեւէ մէկուն դրամ տուած էք իբրեւ փոխատուութիւն, մի՛ երկմտիք պահանջելու, եթէ ան խոստումը չէ յարգած: Յիշեցուցէք իր պարտքը:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ընկերային ընդունելութեան մը պիտի հրաւիրուիք: Դրական պատասխան տուէք, որովհետեւ ձեր ներկայութիւնը կը սպասուի հոն: Ուրախ եղէք:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Մի՛ միջամտէք ձեր շուրջը կատարուած վէճի մը, որովհետեւ տեղեակ էք հարցին բնոյթին: Կրնաք սխալ կողմնորոշումը ունենալ կարծիք տալով:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ձեր ներկայութիւնը ոգեւորութիւն պիտի ստեղծէ ընկերային հանդիպումի մը ընթացքին: Ներկաները պիտի ծանօթանան ձեր թաքուն ձիրքերուն: Օրը պիտի անցնի զուարթ եւ յաջող:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Հին յուշերը երբեմն կը յուզեն, բայց անոնք ունին նաեւ հաճելի անդրադարձ: Դուք յիշեցէք միայն դրական իրագործումները: Խաղաղ եղէք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Երջանկութիւնը միայն նիւթական առաւելութիւններով չի կշռուիր: Բարոյական երեւոյթները արժեւորեցէք հոգեմտաւոր արժեչափերով:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Մարզանքը կարեւոր է առողջութիւնը պահելու համար: Քալելը լաւագոյն միջոցն է: Կարեւորութիւն տուէք նաեւ քնանալու ժամերուն:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Եթէ ունիք ֆիզիքական աւելորդ ճարպերէն ձերբազատելու մտահոգութիւն, լաւագոյն միջոցը չափաւոր ուտելն է, որոշեալ ժումերուն: Շատակերութիւնը ծանրութիւնը կ՛աւելցնէ:

