Համաներման Օրէնքի Գործադրութեան Առաջին Օրը 278 Անձ Ազատ Արձակուեցաւ
Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի 3 հոկտեմբերի նիստին որդեգրուած «Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակման 22-րդ տարեդարձին կապակցութեամբ համաներում յայտարարելու մասին» որոշման գործադրութեան առաջին օրը` 8 հոկտեմբերին Հայաստանի արդարադատութեան նախարարութեան քրէակատարողական բանտերէն ազատ արձակուած է 278 անձ:
Հայաստանի արդարադատութեան նախարարութեան քրէակատարողական վարչութեան մամլոյ քարտուղար Գոռ Ղլեչեան յայտնած է, որ բանտերէն ազատ արձակուած են նաեւ այլ պետութեան քաղաքացի հանդիսացող 7 անձեր, որոնց 2-ը` Վրաստանի, 3-ը` Ռուսիոյ քաղաքացիներ են:
Ընդհանուր առմամբ, Հայաստանի բանտերուն մէջ այլ երկրի քաղաքացի հանդիսացող 120 դատապարտեալ եւ բանտարկուած անձ կայ:
CATEGORIES Հայկական

