Յովիկ Աբրահամեանի Հանդիպումը Ալի Լարիճանիի Հետ

ժընեւի մէջ կայացող միջխորհրդարանական համադաշնակցութեան 129-րդ վեհաժողովի ծիրին մէջ Հայաստանի Ազգային ժողովի պատուիրակութեան նախագահ, Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան հանդիպում ունեցաւ Իրանի խորհրդարանի նախագահ Ալի Լարիճանիի հետ:

Ազգային ժողովի հասարակութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութեան համաձայն, հանդիպման ընթացքին Յովիկ Աբրահամեան եւ Ալի Լարիճանի փաստած են, որ հայ-իրանական յարաբերութիւնները կը գտնուին բարձր մակարդակի վրայ եւ կը շարունակեն զարգանալ փոխադարձ վստահութեան մթնոլորտի մէջ, որուն կը նպաստէ նաեւ երկու երկիրներու խորհրդարաններուն համագործակցութիւնը: Երկու կողմերը կարեւոր նկատեցին պատգամաւորական բարեկամութեան խումբերու գործունէութիւնը` նկատել տալով, որ անոնց աշխուժ կապերը եւ փոխադարձ գործակցութիւնը կը նպաստեն միջխորհրդարանական յարաբերութիւններու սերտացման: Կողմերը կարեւոր նկատեցին տնտեսական յարաբերութիւններու հետագայ խորացման անհրաժեշտութիւնը: Անդրադառնալով շրջանային հարցերուն` Հայաստանի եւ Իրանի խորհրդարաններու նախագահները շեշտեցին, որ շրջանային ապահովութեան եւ կայունութեան համար տագնապները պէտք է լուծուին խաղաղ, բանակցային ճամբով: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան կողմերը հետաքրքրող այլ հարցեր եւս:

 

Share this Article
CATEGORIES