Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Կը Պատրաստուի Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Համաժողովին
Չորեքշաբթի, 9 հոկտեմբեր 2013-ին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժանմունքին կազմակերպութեամբ, գումարուեցաւ միջեկեղեցական ժողով մը` առ ի պատրաստութիւն Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի 10-րդ համաժողովին, որ տեղի պիտի ունենայ Հարաւային Քորէայի Պուսան քաղաքին մէջ` 30 հոկտեմբերէն 8 նոյեմբեր:
Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին օրհնութեամբ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը իր զանազան թեմերէն ժամանած 9 պատուիրակներով պիտի մասնակցի սոյն համաժողովին:
Ժողովի ընթացքին, Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու վարիչ` Նարեկ արք. Ալեէմէզեան պատուիրակներուն ներկայացուց համաժողովին թեման, ժամանակացոյցը, գործընթացը եւ այլ անհրաժեշտ տուեալներ:
CATEGORIES Գաղութային

