Ակնարկ. Երբ Ցաւէն Դեռ Կը Մղկտանք
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Սուրիոյ տագնապը, դժբախտաբար, տակաւին կը շարունակէ ծանր կորուստներ պատճառել այդ երկրի հայ համայնքին: Մարդկային եւ նիւթական ահաւոր կորուստները այդ երբեմնի հզօր գաղութին կենսունակութիւնը վտանգած են, եւ միայն համազգային ուշադրութեան ու օժանդակութեան ճամբով կարելի պիտի ըլլայ զայն ամբողջական կործանումէ փրկել:
Վիճակի այս գնահատումէն մեկնելով է, որ կ՛ուզենք կրկին անդրադառնալ «Հայաստան» հիմնադրամի այս տարուան հանգանակային արշաւէն գոյացած գումարներու յատկացման խնդիրին:
Հիմնադրամի հոգաբարձութիւնը նախորդ մայիսին որոշեց այս տարուան արշաւէն գոյացած գումարները յատկացնել Հայաստանը Արցախին կապող երկրորդ մայրուղիի կառուցման նպատակին: Այս ճանապարհի ռազմավարական կարեւորութիւնը անքննելի է, եւ մենք ամբողջ սրտով կը սատարենք հիմնադրամի սոյն որոշումին:
Այս որոշումի կողքին, հիմնադրամը, իր ընթացիկ գործելակերպով, կարելիութիւն կու տայ, որ նուիրատուները իրե՛նք ճշդեն իրենց յատկացուցած գումարներուն նպատակը: Հիմնադրամի գործադիր տնօրէնը այս սկզբունքի շարունակման մասին անդրադարձած է երկու օր առաջ ունեցած իր զրոյցին ընթացքին:
«Հայաստան» հիմնադրամի Հոգաբարձուներու խորհուրդը կը ներկայացնէ մարմին մը, ուր հաւաքուած են մեր ազգի, համայն ազգի ղեկավարները, պետական, հոգեւոր եւ հասարակական կառոյցներու պատասխանատուները: Այս մարմինին ճշդած ուղղութիւնը, այս մարմինին գնահատականները պէ՛տք է բխին մեր ազգային իրավիճակի պայմաններէն, պահանջներէն, առաջնահերթութիւններէն: Հիմնադրամի որոշումը, այս տեսակէտէն, կը դառնայ ոչ ամբողջական, պակասաւոր: Այս պարագային` հարցը գումարներուն չի վերաբերիր. երանի թէ Հոգաբարձուներու խորհուրդի որոշումները մինչեւ վերջ իրականացնելու միջոցներ հանգանակուէին ամէն տարի: Հարցը կը վերաբերի տակաւին սուր մղկտանք պատճառող ցաւ մը անտեսելուն կամ` երկրորդական կարեւորութեամբ հարցերու շարքին դասելուն:
Այսուհանդերձ, «Հայաստան» հիմնադրամը մեր ազգի միասնականութեան ոգիի հազուագիւտ դրսեւորումներէն մէկն է, ու բոլորիս պարտականութիւնն է գուրգուրալ անոր, սատարել անոր գործունէութեան, ամէն ջանք թափել անոր ճշդած առաջնահերթ նպատակին լայն նեցուկ ապահովելու: Եկէք մեր առաւելագոյնը տանք հիմնադրամին` նկատի առնելով իր ճշդած առաջնահերթութիւնը, նաեւ` բաժին հանելով մեր յամեցող ցաւը ամոքելու ծրագիրներուն:

