Ժարամանա Թիրախ Դարձաւ Հրթիռարձակման
Դամասկոսի մէջ «Ազդակ»-ի թղթակիցը երէկ տեղեկացուց, որ պաշտօնական տուեալներուն համաձայն, սուրիական բանակի միաւորներ յաջողած են վերատիրանալ կարգ մը արուարձաններու: Մեր թղթակիցին համաձայն, մինչ մայրաքաղաքին մէջ կեանքը բնական կ՛ընթանայ, չորեքշաբթի օր հրասանդի հրթիռներ ինկան կեդրոնական դրամատան շէնքին մօտակայքը, Թապպալէ եւ Տուելաա շրջաններուն վրայ` պատճառելով նիւթական վնասներ:
Իսկ հինգշաբթի երեկոյեան Ժարամանա արուարձանը կրկին հրթիռարձակման թիրախ դարձաւ. արձանագրուեցան նիւթական վնասներ, մէկ տասնեակ զոհ եւ երկու տասնեակ վիրաւորներ, որոնց մէջ հայեր չկան: Յիշենք, որ Ժարամանա շրջանին մէջ բնակութիւն հաստատած են մօտ 400 հայ ընտանիքներ:
Ըստ «Ազդակ»-ի թղթակիցին, նախանցեալ օր Հալէպի մէջ քանի մը հրասանդի հրթիռներ ինկան Սահեթ Ֆարհաթ, առանց մարդկային վնասներ պատճառելու: Ըստ պաշտօնական լուրերուն, սուրիական բանակը վերատիրացած է Հալէպի արուարձաններուն մէջ կարգ մը գիւղերու: Կարելի եղած է նաեւ Հալէպ առաքել վառելանիւթի եւ ուտեստեղէնի բեռնատարներ:

