Ըստ «Էյչ.Էս.Պի.Սի.»-ի Զեկուցումին. «Արաբական Գարուն»-ի Հասցուցած Վնասը Պիտի Կազմէ 800 Միլիառ Տոլար

«Վեսթիֆինանս.ռու» կայքէջը կը հաղորդէ, որ բրիտանական «էյչ.Էս.Պի.Սի.» դրամատան փորձագէտները գնահատած են տնտեսական վնասը, որ Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի երկիրներուն հասցուցած են ժողովրդային ըմբոստութիւնները, ահաբեկչական եւ անջատողական գործողութիւնները:

«Պլումպըրկ» գործակալութեան տեղեկութիւններով, «Էյչ.Էս.Պի.Սի.» դրամատան վերլուծաբանները հրապարակած են զեկուցում մը` 2011-ին սկսած «Արաբական գարուն»-ի հասցուցած վնասի գնահատականներով: Փորձագէտները հաշուած են վնասի ընդհանուր չափը, զոր մինչեւ 2014-ի վերջը պիտի կրեն Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի եօթը երկիրներ:

«Էյչ.Էս.Պի.Սի.»-ի գնահատականով, 2011-2014-ին վնասի ընդհանուր ծաւալը Թունուզի, Եգիպտոսի, Եմէնի, Սուրիոյ, Պահրէյնի եւ Յորդանանի համար պիտի կազմէ շուրջ 800 միլիառ տոլար:

Գնահատուած են թէ՛ ուղղակի տնտեսական վնասը, եւ թէ՛ անուղղակի վնասները:

«Էյչ.Էս.Պի.Սի.»-ին նշած է նաեւ, որ շրջանին մէջ իրավիճակը կը շարունակէ մնալ անկայուն եւ նշուած երկիրներու իշխանութիւնները չեն կրնար տնտեսութիւնները վերականգնող նախաձեռնութիւններու ձեռնարկել, որովհետեւ` «անոնց հնարաւորութիւնները սահմանափակ են»:

Հարկ է նշել, որ «Էյչ.Էս.Պի.Սի.»-ի վերլուծաբանները գնահատած են միայն եօթը երկիրներու տնտեսական վնասը: Իրողութեան մէջ «Արաբական գարուն»-ի վնասներէն լրջօրէն տուժած են նաեւ այլ երկիրներ, ինչպէս Ալճերիան, Մալին, Մաւրիտանիան, Մարոքը, Սուտանն ու Լիպիան:

Share this Article
CATEGORIES